Հայ-Չեխական Քառամեայ Մշակութային Գործակցութեան Փաստաթուղթ Ստորագրուած Է (տեսանիւթ)

Փրակի մէջ Հայ-չեխական քառամեայ մշակութային գործակցութեան փաստաթուղթ ստորագրուած է, ուր երկօրեայ պաշտօնական այցով կը գտնուէր մեր երկրի մշակոյթի նախարարը: Յասմիկ Պօղոսեան այցելած է Չեխիոյ ազգային գրադարան եւ պատկերասրահ, Սթրահովի վանական համալիր, մասնակցած «Օրեր» ամսագիրի յոբելինական երեկոյին:
Համագործակցութեան փաստաթուղթը կը ներառէ մշակոյթի գրեթէ բոլոր ոլորտները` թատերական, ֆիլմարտադրութեան, կերպարուեստի, գրական-թարգմանական, հրատարակչական, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան: Չեխ նախարարը հայկական կողմին նոյնիսկ առաջարկած է ընտրել վերականգնման կարիք ունեցող Հայաստանի որեւէ մշակութային հոգեւոր կոթող եւ համատեղ իրականացնել վերականգնման աշխատանքը:
Մանրամասները` Առաջին ալիքի պատրաստած տեսանիւթին մէջ: