Պուտապեշտի Մէջ Մեկնարկեց «Երիտասարդական Աշխատանք` Յանուն Խաղաղութեան» Համահայկական Ուսուցողական Ծրագիրը

Նոյեմբեր 17-ին մեկնարկած ու մինչեւ 23 Եւրոխորհուրդի Պուտապեշտի երիտասարդական կեդրոնին մէջ պիտի շարունակուի Y-work for Peace համահայկական երիտասարդական ուսուցողական ծրագիրը, որ կազմակերպած է Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ոստայնը (Ոստայն)` Եւրոխորհուրդի աջակցութեամբ:

Ծրագիրը համախմբած է Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի, Պելճիգայի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Չեխիոյ, Նիտերլանտներու, Աւստրիոյ, Կիպրոսի, Հունգարիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Դանիոյ, Ղազախստանի, Ուքրանիոյ, Թուրքիոյ, Քոսովոյի, Պոսնիա եւ Հերսեգովինայի 31 երիտասարդ ներկայացուցիչները: Ոչ պաշտօնական կրթութեան միջոցով մասնակիցները ձեռք կը բերեն գիտելիքներ հակամարտութիւններու յաղթահարման ուղիներու, երիտասարդական աշխատանքի, միջազգային կառոյցներու ու ծրագիրներու, տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման հեռանկարներու մասին:

Այսօր “Y-work for Peace” (Երիտասարդական աշխատանք` յանուն խաղաղութեան) խորագիրով ուսուցողական ծրագիրի բացումը կատարեց Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ոստայնի նախագահ Ատոմ Մխիթարեան: Ան պատմեց Ոստայնի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին, ներկայացուց դասընթացավարներուն, Ոստայնի անդամ-կազմակերպութիւններուն: Երիտասարդներուն ողջունեց ու անոնց աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթեց Եւրոխորհուրդի երիտասարդական կեդրոնի փոխտնօրէն Պալինթ Մոլնար, որ կարեւոր համարեց երիտասարդական նախաձեռնութիւններու դերը հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման գործընթացներուն մէջ:

Մասնակիցներուն տեսաուղերձով ողջունեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, իսկ Համաշխարհային հայկական կոնգրէսի նախագահ Արա Աբրահամեան եւ  ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի տեղակալ Արսէն Քարամեան յղած էին իրենց ուղերձները` քաջալերելով  երիտասարդներուն համատեղ իրականացնել արդիւնաւէտ ծրագիր եւ դառնալ խաղաղութեան դեսպաններ իրենց երկիրներուն մէջ :

 Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ոստայնը (ՈՍՏԱՅՆ) հիմնադրուած է 2006 թուականին, Երեւանի մէջ: Ոստայն-ը կը միաւորէ հայկական երիտասարդական 32 կազմակերպութիւններու Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ռուսասիայէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսիայէն, Էսթոնիայէն, Նիտերլանտներէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Ֆրանսայէն, Հունգարիայէն, Շուէտէն, Կիպրոսէն եւ Զուիցերիայէն:

Ոստայն-ի նպատակն է` բարձրացնել Սփիւռքի մէջ գործող երիտասարդական կազմակերպութիւններու ու երիտասարդներու դերը իրենց համայնքներուն մէջ, խթանելու անոնց մասնակցութիւնը ժողովրդավարական քաղաքացիութեան եւ որոշումներու կայացման գործընթացներուն մէջ, զարգացնելու եւ ամրապնդելու երիտասարդութեան ոլորտին մէջ Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութիւնը:

Scroll Up