Լաս Վեկասի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիմնարկէքի Արարողութիւն

 Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական եկեղեցին, իր հոգեւոր հովիւ Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանի, Ծխական խորհուրդի, տիկնանց միութեան, շինութեան յանձնախումբին եւ յարակից կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերով, լծուած է եկեղեցւոյ նոր համալիրի կառուցման նուիրական առաքելութեան, կը հաղորդէ  asbarez.com-ը:
2011ի Օգոստոս 7ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կատարեց հողի օրհնութիւնը, իսկ Հոկտեմբեր 14, 2013ին սկսաւ շինարարութիւնը: Շինութեան առաջին հանգրուանը, որ դպրոցի կառուցումն էր, աւարտեցաւ 2014ի Ապրիլին, իսկ Մայիս ամսուան ընթացքին, առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցին հիւրընկալեց 87րդ Թեմական պատգամաւորական ժողովը:

Նոյեմբեր 1 թուականը պատմական օր մը եղաւ ծուխին համար: Նոր եկեղեցւոյ հիմնարկէքի արարողութենէն առաջ, առաջնորդը հաւատացեալներուն հակիրճ բացատրութիւն տուաւ Հայց. եկեղեցւոյ եւ հիմնարկէքի արարողութեան մասին, որ Լաս Վեկասի հեռատեսիլի թիւ 13 կայանի պաշտօնեաներուն կողմէ տեսաերիզի վրայ առնուելով՝ երեկոյեան ժամը 8:30ին հեռարձակուեցաւ:

Սրբազան հօր հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ հիմնաքարերու օծումը: Արարողութեան մասնակցեցան Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեան, Արշակ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան եւ Ներսէս քհնյ. Հայրապետեան: Իրաւաբան Մարք Կիրակոս, որ աւագ բարերարն է նորակառոյց եկեղեցւոյ, արարողութեան աւարտին բահով կատարեց հողին հատումը, ապա կատարուեցաւ խմբային հատում։
Արարողութեան ներկայ էին Թեմական խորհուրդի ատենապետ Անդրանիկ Զօրայեան, Արսէն քհնյ. Գասապեան, Աւետիս քհնյ. Թորոսեան, վերապատուելի Սամուէլ Ակիւլեան եւ Ճերի ու Տէնի Թարքանեաններ:

12 Առաքեալներու սիւներու կնքահայրերն են Ճորճ Գրիգորի Մկրեան, Վահագ Ստեփանեան, Ռուբէն Գրիգորեան, Վիգէն Կիրակոսեան, Եդմոնդ Պատուականեան, Լեւոն Ախշարումով, Ստեփան Գէորգեանց, Մեսրոպ Խաչիկեան, Շաւարշ Փափազեան, Հայկ Ադամեան, Գագիկ Սեքոյեան ու Ժոզէֆ Ճաւահիրեան: 4 Աւետարանիչներու սիւներու կնքահայրերն են Ռուզաննա Գրիգորեան, Յովսէփ Շատարեւեան, Կարէն Սեթանեան ու Միհրան Ֆրունճեան:

Սրբազանը փոխանցեց հոգեշունչ պատգամ մը եւ իր շնորհաւորանքն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Նարեկ Ա. քհնյ. Մատարեանին, գլխաւոր բարերար Մարք Կիրակոսին, եկեղեցւոյ մարմիններուն, կնքահայերուն եւ հաւատացեալներուն՝ յոյս յայտնելով, որ Աստուծոյ օրհնութեամբ կը կառուցուի եկեղեցին եւ կը կատարուի անոր օծումը:

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց առաջնորդը: «DJ Գէորգ»ը իր երաժշտութեամբ եւ երգերով խանդավառութիւն պատճառեց հանդիսականներուն: Հեզաճկուն հայկական պարերով ելոյթ ունեցաւ Լաս Վեկասի պարի վարժարանի պարախումբը, ապա ելոյթ ունեցան Շաբաթօրեայի սաները: Լաուրա Խլղաթեան տպաւորիչ կերպով ասմունքեց, իսկ Սամուէլ Երվինեան ջութակի նուագով հրճուանք պատճառեց ներկաներուն։

Առաջնորդը իր փակման խօսքին մէջ գնահատանք յայտնեց համայն ծուխին, որ սիրալիր եւ համագործակցական ոգիով միասնաբար կազմակերպած էր թէ՛ հիմնարկէքի արարողութիւնը եւ թէ ճաշն ու յայտագիրը, ապա իր օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

Scroll Up