Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի. Եկեղեցւոյ Զանգակատան Նոր Խաչի Օծում
Կիրակի, 16 նոյեմբեր 2014-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ զանգակատան նոր խաչի օծման արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակը»:
Տէրունական աղօթքէն առաջ նոր խաչը զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ խորանին դիմաց եւ ըստ օծման կարգի նախ կատարուեցաւ անոր լուացումը ջուրով եւ գինիով: Ապա առաջնորդ սրբազանը յատուկ աղօթք կարդալէ ետք հայ եկեղեցւոյ սրբալոյս միւռոնով օծեց խաչին գագաթը, ճակատը եւ աջ ու ձախ թեւերը:
Յաւարտ օծման արարողութեան յաւուր պատշաճի քարոզեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Իր քարոզին բնաբանն էր «Ուրախ լեր սուրբ եկեղեցի» շարականը, որուն ընթացքին ըսաւ, թէ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ անդրադառնալ, որ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ անդրադառնալ, որ մեզ զօրացնողը, մեր ամրութեան շաղախը Քրիստոսն է: Ապա անդրադառնալով եկեղեցւոյ զանգակատան նոր խաչի օծման արարողութեան յայտնեց, որ խաչը իբրեւ հաւատքի լոյս այս եկեղեցւոյ զանգակատունը պիտի զարդարէ, որպէսզի երբ ժողովուրդը անոր դիմացէն անցնի, ինքզինք խաչով զօրացած զգայ: Շահէ եպս. Փանոսեան խաչի օծման արարողութիւնը առիթ նկատեց ուխտելու, մեր հաւատքը զօրացնելու եւ Քրիստոսը իբրեւ առաջնորդ ունենալու, որպէսզի դիմագրաւենք ամէն տեսակի դժուարութիւն: Իր քարոզի աւարտին ան մաղթեց, որ խաչը միշտ ներկայութիւն ըլլայ մեր կեանքին մէջ` մեր ինքնութեան եւ գնացքին տալով նոր կեանք:
Ս. պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ խաչին բարերարին վաղամեռիկ որդւոյն հոգիին համար: