Թուրքիոյ Կրթութեան Նախարարութիւնը Կ’արգիլէ Պոլսահայ Աշակերտներուն Մեկնելու Ղարաբաղ

2015-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մրցաշար, որուն պէտք է մասնակցին  հայ աշակերտներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Պոլսոյ հայկական կրթօճախներէն եւս սաներ պիտի ժամանեն Երեւան: Այս մասին կը գրէ Ermenihaber.am-ը:

Թրքական  <Սապահ> պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ երկրի կրթութեան նախարարութենէն <գաղտնի> մակագրութեամբ յատուկ հրահանգ  ուղարկուած է բոլոր նահանգային կառոյցներուն այն մասին, որ բացառուի 2015-ին Պոլիսէն Երեւան մեկնելիք հայ սաներու մասնակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրականացուելիք որեւէ ձեռնարկի:

Scroll Up