Աւանդական Տօնավաճառ

Տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Ազգային Վարչութեան Տիկնանց Յանձնախումբը կազմակերպեց տարեկան 15-րդտօնավաճառը ուրբաթ, 14 Նոյեմբեր 2014-ին նախագահութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տէր Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանի, ընկերակցութեամբ գաղութի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Արամ Քհնյ.Տէյիրմէնճեանի: Տօնավաճառի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին Տուպայի «Rotana Towers Hotel»ի սրահէն ներս:

Բացման առիթով Հոգշ.Հայր Սուրբը բարձրօրէն գնահատեց Տիկնանց Միութեան աշխատանքները սոյն ձեռնարկին առնչութեամբ որ յատուկ խանդավառութիւն կը ստեղծէ համայնքի կեանքէն ներս, նկատի ունենալով տօնական օրերու նախօրեակին կաղանդի վերաբերեալ զարդեղէններ եւ հայկական համադամ ուտեստեղենի վաճառումը: Տօնավաճառը մէկ օր կը կատարուի Տուպայի մէջ իսկ Շաբաթ 28 Նոյեմբերին պիտի կատարուի Բիէր Քէօսէեան սրահին մէջ, նկատի ունենալով համայնքի անդամներուն ներկայութիւնը Շարժա-Տուպայ շրջանէն ներս:

Scroll Up