«Վիասֆեր» Ընկերութեան Հիմնադիր-Նախագահ Թօնի Մորոյեան Այցելեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութիւն

Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց  ԱՄՆ-ի «Վիասֆեր» վենչուրային ընկերութեան եւ Հայաստանի «Վիասֆեր տեխնոպարկ» մասնաճիւղի հիմնադիր-նախագահ Թօնի Մորոյեանը եւ հայաստանեան «Վիասֆեր Տեխնոպարկ» մասնաճիւղի գլխաւոր տնօրէն Վարուժան Մասարաճեանը:

Թօնի Մորոյեանի նախաձեռնութեամբ 2001թ. Հայաստանի մէջ մասնաճիւղ բանալով` «Վիասֆեր» ընկերութիւնը գործարար միջավայր  ստեղծած է ինչպէս արդէն կայացած արուեստագիտական  ընկերութիւններու զարգացման, այնպէս ալ սկսնակներու համար: Տեխնոպարկն այն վայրն է, ուր ընկերութիւնները կը փնտրեն ծրագիրներու մշակման իրենց ծառայութիւններն արտահանելու եւ Հայաստանի արուեստագիտական կարողութիւններու հիման վրայ ոլորտը զարգացնելու լուծումներ:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց «Վիասֆեր» ընկերութեան հայ տնօրէն Թօնի Մորոյեանի ջանքերը` Հայաստանի մէջ կազմակերպութեան դուստր ընկերութիւն հիմնելու եւ յաջողութեամբ  գործարկելու ուղղութեամբ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարը գոհունակութեամբ նշեց, որ տեխնոպարկը զարգացման կեդրոններու միջոցով յաջողութեամբ ընդլայնած է իր ծրագրային ապահովման եւ գիտահետազօտական կարողութիւնները, որոնք կապուած են տարբեր երկիրներու մէջ աշխատող խումբերու հետ:

Քննարկուեցան Հայաստանի նորագոյն արուեստագիտութիւններու մասնագէտներու, մասնաւորապէս սուրիահայ երիտասարդներու համար վերապատրաստման դասընթացներ կազմակերպելուն վերաբերող հարցեր:

«Պանարմենիան» դրամատան եւ «Քենտլ» նախագիծի խորհուրդի անդամ, «Արմթեք» համաժողովի համահիմնադիր եւ համանախագահ, ՏՏ ոլորտի տասնեակ ընկերութիւններու հիմնադիր Թօնի Մորոյեան ծնած է Լիբանան, ապա տեղափոխուած ԱՄՆ: Յաճախած  է ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի Պերքլիի համալսարանը` մաթեմատիկայի եւ ֆիզիկայի ուղղութեամբ: Մագիստրոսի աստիճանի համար ուսումնասիրած է ելեկտրոնային ճարտարագիտութիւն եւ համակարգչային գիտութիւն:

 

Scroll Up