ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Պաթումի Մէջ ՀՀ Գլխաւոր Հիւպատոս Արամ Գրիգորեանը
Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Պաթումի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արամ Գրիգորեանը:
Նախարարը ներկայացուց հայապահպանութեան ուղղուած Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները եւ քննարկուեցան այս ծրագիրներուն մէջ Պաթումի հայ համայնքի ներգրաւուածութեան ընդլայման ուղղուած հարցեր: