Սրտիս Ու Մտքիս Մէջ Դրոշմուած Արցախեան Պատկերներ (Ա.). «Մեզի Համար Տուն Կը Շինեն»

– Ահասաւիկ Առիաւանը…
Բենիամին Պչաքճեանի ձայնը կ՛արձագանգէ արցախեան կանաչաւէտ լեռներուն մէջ` ստեղծելով այն խոր տպաւորութիւնը, որ ան իր հարազատ որդին կը ներկայացնէ զինք շրջապատած մեծամասնութեամբ լիբանանահայ շուրջ 70 գործարարներուն:
Հպարտութեամբ եւ հաւատքով, ուրախութեամբ եւ յոյսով, վճռականութեամբ եւ խրախուսանքով լեցուն լոկ այդ երկու բառերը մթնոլորտին մէջ տարածուելով` կը խորանան մինչեւ միտքերն ու սրտերը Առիաւանի ընդհանուր համայնապատկերը իրենց դիմացը, արցախեան լեռներուն վեհութիւնը իրենց թիկունքին ունեցող Արցախ ռուց ինվեսթմընցի (ԱՌԻ) բաժնետէր սփիւռքահայ գործարարներուն, որոնք պահ մը անխօս կը դիտեն արդէն իսկ «միս ու ոսկոր» ստացած գիւղը:
Բենիամին Պչաքեանի ձայնին զնգոցը կը լեցնէ ականջներս` Լեռնային Ղարաբաղ այցելողի անհամբեր ու հոգեզմայլ վիճակէս զիս կանգնեցնելով շատ գեղեցիկ ու յուսադրիչ իրականութեան մը դէմ յանդիման… Նախապէս դատարկ կամ սակաւաթիւ կիսաքանդ տուներով տարածք հանդիսացող այդ ազատագրուած արցախեան հողին վրայ արդէն իսկ կեանքի նշոյլներ նկատելի են, առանձնատուները կարգապահ աշակերտներու նման կանգնած են կողք կողքի` աւելի ուշ իրենց երդիքին տակ պատսպարելու համար Արցախի այդ հողը կեանքով լի պահելու եւ անոր հայկականութիւնը երաշխաւորելու իմաստով մեծ դերակատարութիւն եւ ներդրում ունենալիք հայ ընտանիքներ:
… Երեւակայութեամբս կը դարձնեմ գրուելիք պատմութեան էջերը, ու աչքիս առջեւ պարզուող համայնապատկերը կը գունաւորուի, կեանքով կը բաբախեն քարեղէն կառոյցները, մանուկները իրենց զուարթ ճիչերով կը լեցնեն Առիաւանին փողոցները, կիները տան մաքրութեամբ զբաղած են եւ կամ գնումի կը փութան` բազմանդամ ընտանիքին կէսօրուան ճաշի պատրաստութեան նպատակով, ծերունիները նորակառոյց տուներուն դռներուն սեմին նստած, կը զրուցեն իրարու հետ` հեռուէ հեռու, տղամարդիկ արդէն աշխատանքի կը շտապեն, պատանիները` պայուսակները իրենց ուսերուն` դպրոցին ճամբան բռնած են, արդէն իսկ ծառեր ցանուած են ու հասակ նետած, կանաչ է շրջանը, հարուստ է գիւղը, ոգեշնչող է պատկերը: Կեանք կայ Առիաւանի մէջ, հայկական տիրական ներկայութիւն, Եռագոյն ու արցախեան դրօշներու սեփականատէրի փողփողուն, պատգամ կայ հոն, գոռացող պատգամ, որ Արցախի ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցումը լոկ կարգախօս կամ նպատակ չէ, այլ անիկա իրականութիւն է, մանաւանդ եթէ իւրաքանչիւր հայ գիտակցի, որ նման քայլ մը որքա՛ն մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ ռազմավարական իմաստով, որովհետեւ երբ մարդը բնակած է այդ տարածքին վրայ, այլեւս դժուար թէ խօսուի անոր վերադարձին մասին:
Համայն հայութեան հանգանակութեամբ կառուցուած Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիին վրայ, Բերձոր չհասած, կը դիտենք «նորածին»-ը: Հայաստանցի լրագրողներ կը մօտենան յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու Պէյրութէն ժամանած գործարարներուն ծրագիրին մասին: Մասիս Ալեքսանդրեանը կը բացատրէ այս ծրագիրի ծննդոցին մասին, մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ Աղաւնոյ գետի ձախ ափին եւրոպական չափանիշներով կառուցուող եւ կառուցուած բնակարաններուն մասին` շեշտելով, որ շրջանը խորքին մէջ կը հանդիսանայ Արցախի դարպասը: Ան կը նշէ, որ թէեւ իրենք սկզբնական շրջանին կը փափաքէին աւելի խուլ անկիւնի մը մէջ ընել այս բնակարանաշինութիւնը, սակայն արցախեան պետութիւնը ի՛նք ուզեց, որ այդ վայրին մէջ մարմին ստանայ ծրագիրը, որպէսզի անիկա օրինակ հանդիսանայ այլ սփիւռքահայ գործարարներու: Նկատի ունենալով, որ երթեւեկի ճամբայ է, մարդիկ կը տեսնեն, որ պետութիւն եւ մասնաւոր հատուածներ ինչպէս կրնան ձեռք ձեռքի տալով` հրաշքներ գործել, ուստի քաջալերուելով` կրնան լծուիլ նման նախաձեռնութիւններ կեանքի կոչելու, եզրափակեց Ալեքսանդրեան:
Իսկապէս պատկերը սրտապնդող է, անոր մաս կազմելը հպարտութիւն առթող:
***
14 սեպտեմբեր 2014…
Աղաւնոյ գետի ափին մանուկները զուարթ մթնոլորտի ու բարձր տրամադրութեան մէջ են: Սփիւռքահայ հիւրերէն ստացած իրենց տուրմերով տարուած են, ուրիշներ գետի ջուրերուն յանձնած են իրենց թաթիկները, իսկ աւելի մեծերը այդ ջուրէն «բաժին կը հանեն» նաեւ իրենց ընկերներուն, որոնք կը փորձեն փախուստ տալ:
Հետաքրքրականօրէն մանուկները օտար չեն զգար, երբ դանդաղ քայլերով կը մօտենամ իրենց, այլ անոնք ժպիտս կը փոխադարձեն ժպիտով` իրենց ձեռքի տուրմերը երկարելով ինծի…
– Դուք ո՞ւր կը բնակիք,- կը հարցնեմ:
– Քիչ մը հեռու,- կ՛ըլլայ աղջնակի մը պատասխանը:
– Իսկ այսօր ի՞նչ կ՛ըլլայ հոս, այս մարդիկը ինչո՞ւ հոս եկած են,- կը հարցնեմ` ցոյց տալով քիչ մը անդին համախմբուած լիբանանահայ գործարարներն ու Արցախի պաշտօնական անձնաւորութիւնները, որոնք արդէն իսկ կառուցուած 50 բնակարաններուն բացման առիթով իրենց սրտի խօսքերը կ՛արտասանեն:
– Մեզի համար տուն կը կառուցեն,- միասնաբար կը հաստատեն լայն ժպիտով զոյգ աղջնակները` հաստատելով, որ իրենք անհամբեր կը սպասեն այդ «նոր եւ անուշիկ» տուներուն մէջ հաստատուելու, որովհետեւ իրենց բնակարանը «հին է ու նեղ»:
Լուսաշող աչքերով, կարմրուկ այտերով այդ մանուկներուն հաստատումին մէջ կայ յոյսը, հաւատքը եւ սպասումը` աւելի լաւ ապագայի մը, աւելի յուսատու վաղուան մը, որուն կերտման մէջ իրենց տեղը պիտի ունենան նաեւ ԱՌԻ-ի գործարարները:
– Դո՞ւն ալ մեզի հետ հոս պիտի ապրիս,- իր հարցումով զիս անակնկալի կը բերէ անոնցմէ մէկը…
Իմ բոլոր հարցումներուս պատասխանած մանուկներուն միակ հարցումին պատասխանել չկարենալէ ծնած շփոթս, բարեբախտաբար, չգրաւեց անմեղներուն ուշադրութիւնը…
Արա Յարութիւնեան
«Նորաշէն Առիաւանը առաւել եւս պիտի ամրապնդէ Արցախի դարպասը: Ասիկա նոր, 21-րդ դարու բնակավայր է, մենք այսպէս կը պատկերացնենք Արցախի շրջանները, գիւղերը, ո՛չ միայն Քաշաթաղի մէջ, այլ ամէնուր: Հոս կան ժամանակակից կացարաններ, ժամանակակից ենթակառուցուածքներ, եւ Առիաւանը կարեւոր է այն առումով, որ այս շրջանը Արցախը Հայաստանին կապող ճամբուն կից կը գտնուի: Ասոր միջոցով մենք քաղաքականութիւն կրնանք վարել եւ յորդորել մեր մնացեալ հայրենակիցները` մասնակցելու Արցախի պետականաշինութեան»: Այս հաստատումը ինքնավստահ կերպով կը կատարէ այս ծրագիրով շատ գոհունակ, այս աշխատանքներուն մէջ ամբողջովին մխրճուած Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ կարեւորութիւն կրնայ ներկայացնել Արցախի մուտքին կառուցուող նման գիւղ մը: Ան կը շարունակէ, որ բնակարաններ տրամադրելու առաջնահերթութիւն պիտի տրուի բազմազաւակ եւ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն: «ԱՌԻ-ի գործարարներուն օգնութեամբ ոչ միայն քաշաթաղցիները առիթ պիտի ունենան արտօնեալ երկարաժամկէտ վարկային կարելիութիւններէն օգտուելու, այլ նաեւ` Շահումեանի շրջանի բնակիչները», կ՛աւելցնէ լաւատես վարչապետը: Ան կը բացատրէ, որ Առիաւանի առաջին բնակիչները պիտի ըլլան արդէն իսկ այս տարածքին մէջ բնակող ընտանիքները, որոնց տուները քանդուած են` նորերու կառուցման միտումով:
Ան քիչ մը տարօրինակ նայուածքով կը նայի ինծի, երբ հարց կու տամ, թէ արդեօք սփիւռքահայերու ներդրումը յատուկ արժէք կը ներկայացնէ՞: Բոլորէն կանուխ Առիաւան հասած, մէկիկ մէկիկ բոլոր բնակարանները մտած-ելած ու ամէն ինչ ստուգած, յանձնարարութիւններ եւ ցուցումներ տուած վարչապետը կը վստահեցնէ, որ ինք կը հաւատայ իւրաքանչիւր հայու ներդրումի կարեւորութեան` հաստատելով, որ այդ պատճառով է, որ պետութիւնը ամբողջապէս նեցուկ կը կանգնի Առիաւանի կառուցման:
Կողք-կողքի, իրարու նեցուկ, քաջալերող եւ ապաւէն…
Այսպիսով իրականութիւն կը դառնան երազները:
«Ազդակ»