ԱՄՆ Եւս Արձագանքած Է ԼՂՀ-ի Մէջ Ուղղաթիռի Խոցման Միջադէպին

Ուաշինկթըն անհանգստութիւն  յայտնած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական ուղղաթիռի խոցման հարցով, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ռատիօկայանը:

panorama.am-ի փոխանցմամբ` ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան մամլոյ քարտուղար Ճէն Պսակին յայտարարած է, որ այս միջադէպը եւս յիշեցում մըն է այն մասին, որ անհրաժեշտ է նուազեցնել լարուածութիւնը եւ պահպանել հրադադարի խախտման կարգը տարածաշրջանին մէջ:

Ան նաեւ նշած է, որ հակամարտութեան ռազմական լուծում չի կրնար ըլլալ:

Յիշեցնենք, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մամլոյ ծառայութեան փոխանցմամբ` Նոյեմբեր 12-ին` տեղական ժամանակով ժամը 13:45-ի սահմաններուն, շփման գիծի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ Ատրպէյճանի ԶՈւ-ի կողմէ հրադադարի կարգի խախտման պատճառով խոցուած է Արցախի ՌՕՈւ-ՄԻ 24 ուղղաթիռ, որ ուսումնամարզական թռիչք կը կատարէր: Այն տարածքը, ուր արձանագրուած է միջադէպը, շփման գիծին բաւականին մօտ է: Հակառակորդը միջադէպէն ետք շարունակած է տարբեր տրամաչափերու զէնքերէ  ուժգին կերպով կրակելու միջադէպի վայրի ուղղութեամբ:

Միեւնոյն ժամանակ, ՀՀ ՊՆ մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է, որ Արցախի հետ սահմանային հատուածին մէջ Ատրպէյճանի ԶՈւ-ն աննախադէպ սադրանք իրականացուց, որ յանգեցուցած է նաեւ իրավիճակի սրմանը, իսկ ատրպէյճանական կողմի հնարանքները, թէ իբր հայկական ուղղաթիռներն իրենց դիրքերու ուղղութեամբ յարձակման փորձեր ըրած են, ու իբրեւ թէ իրենք ալ միայն պատասխանած են այս քայլին, անհեթեթ են:

«Ուղղաթիռի բեկորների ուսունասիրութիւնը թոյլ կը տայ հաստատել, որ ուղղաթիռը զինուած չի եղել: Իրավիճակի այս լարումը ատրպէյճանական կողմից շարունակւում էր, երբ ուղղաթիռը արդէն ընկած էր: Աւելին, ատրպէյճանական կողմի կրակահերթը նաեւ թոյլ չէր տալիս, որ անգամ օդաչուներին մօտենան: Այս աննախադէպ լարման հետեւանքներն ատրպէյճանական կողմի համար շատ ցաւոտ կը լինեն եւ կը մնան Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խղճին: Ուղղաթիռի հրամանատարն էր մայոր Սերգէյ Սահակեանը: Անձնակազմի յետագայ ճակատագրի մասին տեղեկութիւններ կը յայտնենք»,- նշած է Արծրուն Յովհաննիսեան:

Scroll Up