ԵԱՀԿ Գլխաւոր Քարտուղար. Հայկական Ուղղաթիռի Կործանումը Սառեցուած Հակամարտութեան Սրման Լուրջ Վտանգ Կը Պարունակէ
Արցախի սահմանին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ հայկական օդուժի ռազմական ուղղաթիռի խոցման հանգամանքին անդրադարձած է ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղարը:
ԵԱՀԿ գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիերը Պրիւքսէլի մէջ Եւրոխորհրդարանի արտաքին հարցերով յանձնաժողովի լսումներու ժամանակ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ռազմական ուղղաթիռի կործանումը սառեցուած հակամարտութեան սրման լուրջ վտանգ կը պարունակէ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական ՏԱՍՍ գործակալութիւնը:
Յիշեցնենք, որ այսօր ժամը 13.45-ի սահմաններուն արցախա-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ ուսումնավարժական թռիչքի ժամանակ ատրպէյճանական զինուած ուժերը հարուածած են արցախեան ռազմաօդային ուժերու ՄԻ-24 ուղղաթիռը: