Սուրբ Մարկոսի Հայկական Ձիերը

Վենետի­կի Ս. Մար­կո­սի անուան հռչա­կաւոր եւ իր տե­սակին մէջ ան­զուգա­կան Մայր եկե­ղեց­ւոյ գլխա­ւոր ճա­կատը կը զար­դա­րեն աւագ դրան վե­րեւ առան­ձին պա­տուան­դաննե­րու վրայ կանգնած չորս գե­ղեցիկ պղնձա­ձոյլ ոս­կե­զօծ նժոյգներ։

Իտա­լիոյ այս ջու­րե­րու եւ ջրանցքնե­րու քա­ղաքը ամէն այ­ցե­լող, ան­պայման եւ առա­ջին առ­թիւ կ՚ուղղուի Ս. Մար­կո­սի հրա­պարա­կը, որ այնքան ու­ժեղ տպա­ւորու­թիւն կը գոր­ծէ այ­ցե­լուին վրայ, որ չի կրնար կողմնո­րոշուիլ, թէ ո՞ր մէ­կուն նա­յի՝ պա­լատ­նե­րո՞ւն, աշ­տա­րակ – զան­գա­կատա՞ն, ժա­մացոյ­ցի՞ն, թէ ոչ այդ բո­լորին թագ ու պսակ կազ­մող, սքան­չե­լի խճան­կարնե­րով զար­դա­րուած տա­ճարին՝ Ս. Մար­կո­սին, իր չորս սի­գապանծ երի­վար­նե­րով։

Հռո­մի փառ­քի մէջ յղփա­ցած Նե­րոն կայ­սեր յաղ­թա­կան կա­մարի զար­դե­րը եղեր են 20 դար առաջ այս պղնձեայ երի­վար­նե­րը։ Չորս հա­րիւր տա­րիէն աւե­լի Հռո­մի մէջ հիւ­րա­սիրուելէ ետք, Կոս­տանդիանոս կայ­սեր հրա­մանով բե­րուեր են Բիւ­զանդիոն, Դ. դա­րուն հան­դի­սադիր ըլ­լա­լու հա­մար նոր մայ­րա­քաղա­քի բաց­ման։ Իսկ 1206 թուակա­նին Վե­նետի­կի համ­բա­ւաւոր Տո­ճերէն Մա­ռինօ Ծէ­նօ Բիւ­զանդիոնէն բե­րել տուեր է Վե­նետիկ, զար­դա­րելու հա­մար իր քա­ղաքը։

Նե­րոնին պէս բռնա­կալու­թեան փառ­քի գա­գաթ­նա­կէտին հա­սած Նա­փոլէոն Պոնա­փարթն ալ Վե­նետի­կի մէջ տես­նե­լով այդ ձիերը, «թող իմս ըլ­լան» ըսեր է եւ վտարան­դի նժոյգնե­րը 1797ին տե­ղափո­խուեր են Փա­րիզ, բայց եւ այնպէս շու­տով՝ 1815ին վե­րադար­ձուեր են Վե­նետիկ, ուր կը մնան մին­չեւ այ­սօր։

***

Այս է Ս. Մար­կո­սի ձիերուն հա­մառօտ պատ­մութիւ­նը, բայց ո՞ւր է այդ չորս նժոյգնե­րուն Հա­յերու հետ կա­պը, ո՞ւրկէ ուր Ներո­նին նուիրուեցան անոնք, որոնք հռո­մէական գործ չէին, մա­նաւանդ հռո­մէական հին պատ­միչներ գրած են ար­դէն որ իբ­րեւ ըն­ծայ «բե­րւած են Հա­յոց Տրդատ թա­գաւո­րի կող­մէ»։

Ըստ պատ­մա­բան­նե­րու, այս մա­սին եր­կու մեկ­նութիւն կա­րելի է ընել։ Կամ Տի­րիթ կամ Տրդատ Ար­շա­կու­նին բե­րեր է Նե­րոնին նուիրեր, կամ ալ Մեծն Տրդատ՝ Կոս­տանդիանո­սին։

Այս մա­սին Հ. Ղե­ւոնդ Ալի­շան իր «Այ­րա­րատ» հո­յակապ եր­կա­սիրու­թեան մէջ կը գրէ անու­նը ան­յայտ ան­ձի մը յի­շողու­թիւնը, Տրդա­տի անու­նով Վիկ­տոր Պո­լիոսի նուիրուած պղնձեայ երի­վարաց մա­սին, տե­ղագ­րուած՝ Հռոմ, կայ նաեւ ու­րիշ յի­շողու­թիւն մը որ կը խօ­սի «ի կէս Ե. դա­րու, նոյնպէս վե­նետի­կեան երի­վարքս… Տրդա­տայ տուրք հա­մարին»։

Շա­րու­նա­կելով Ալի­շան կը գրէ, թէ կարգ մը պատ­միչներ շատ վա­յելուչ չգտնե­լով Տրդա­տի ըն­ծա­յաբե­րու­թիւնը կամ ալ ու­րիշ պատ­ճառնե­րով լռած են այս մա­սին։ Բայց Վե­նետի­կի իտա­լացի պատ­մա­բան­ներ գրած են, որ Տրդատ (Պար­թեւ) թա­գաւոր Հա­յոց, տա­րած է Նե­րոնին «զչո­րեսին գե­րահռչակ պղնձա­ձոյլ ոս­կե­զօծ երի­վարս, զոր նկա­տեմք յա­ճախ՝ ի ճա­կատու աննման տա­ճարի Սրբոյ Մար­կո­սի՝ յաննման հրապա­րակի Ադ­րիական մայ­րա­քաղա­քիս…»։

***

Մե­զի հա­մար էական նշա­նակու­թիւն չու­նի թէ եր­կու Տրդատ­նե­րէն ո՞րն է եղեր այս ձիերը Հռոմ տա­նողը։ Կա­րեւո­րը անոնց Հա­յաս­տա­նէն տա­րուած ըլ­լալն է։ Եթէ իրօք վեր­ջին Տրդա­տը ըլ­լար, մեր պատ­միչնե­րը չէին կրնար ան­տես առ­նել ու չյի­շատա­կել այս ըն­ծա­յաբե­րու­թիւնը, երբ Ագա­թան­գե­ղոսէն առ­նե­լով կը գրէին անոր եւ Լու­սա­ւոր­չին Հռոմ եր­թա­լու ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։ Յայտնի է սա­կայն, որ Ագա­թան­գե­ղոս վեր­ջին ժա­մանակ­նե­րուն լուրջ քննա­դատու­թեանց են­թարկուեցաւ, նոյ­նիսկ դուրս եկաւ իր «Տրդա­տայ քար­տուղա­րու­թեան» պաշ­տօ­նէն։

Ու­րեմն մեծ հա­ւանա­կանու­թեամբ այդ հայ թա­գաւո­րը ըլ­լա­լու է Ար­շա­կու­նի Տրդատ-Տի­րիթը, որ գա­ցած է Հռոմ եւ ներ­կա­յացած՝ Նե­րոնին։ Մեր պատ­միչնե­րը չեն յի­շատակեր Տի­րիթը առ­հա­սարակ, մինչդեռ հռո­մէացի նշա­նաւոր պատ­միչներ կը նկա­րագ­րեն Տի­րիթի փա­ռաւոր մուտքը Հռոմ եւ Նե­րոնէն մեծ պա­տիւով ու մե­ծարան­քով ըն­դունուիլը։ Ու­րեմն, ինչպէս որ վե­րը հռո­մէական աղ­բիւրէ մը յա­ռաջ բե­րած էինք, Նե­րոնի պղնձա­ձոյլ երի­վար­նե­րը յի­շատակ ըլ­լա­լու են «Հա­յոց Տի­րիդատ թա­գաւո­րի»։

***

Վե­րը ար­դէն ըսինք որ էակա­նը այն չէ թէ եր­կու Տրդատ­նե­րէն ո՞րն է բե­րեր այս ձիերը, այլ ա՛յն, որ բե­րուած են Հա­յաս­տա­նէն։ Այս պա­րագա­յին սա­կայն նոր հարց մը կը ծա­գի, թէ Հա­յաս­տա­նի ո՞ր կողմն են ձու­լուած անոնք, կամ թէ եկա­մո՞ւտ են ար­դեօք՝ Յու­նաստա­նէն։

Ո՛չ ոք կը վա­յելեց­նէ հայ գե­ղարուես­տի վար­պետնե­րուն, քան­դա­կագոր­ծութեան այս հրա­շալիք­նե­րը, այլ կը կար­ծեն մեր քա­ջերուն կող­մէ աւար բե­րուած՝ Ել­լա­տայէն, Ար­տա­շէսի կամ Տիգ­րա­նի ար­շա­ւանքնե­րէն։ Այ­սուհան­դերձ Հել­լէն քան­դա­կագոր­ծութեան պատ­մութեան մէջ կը բա­ցակա­յին ձիերու առանձնա­կի ար­ձաններ։ Իսկ Ար­տա­շէսի եւ Տիգ­րա­նի Յու­նաստա­նէն բե­րած ար­ձաննե­րը Խո­րենա­ցին ո՛ւր որ է մէկ մէկ նշած է իրենց անուննե­րով, որոնք բո­լորն ալ դի­ցերու ար­ձաններ են, նշե­լով նաեւ անոնց զե­տեղուած վայ­րե­րուն անուննե­րը։

Յա­մենայնդէպս, վե­րոյի­շեալ նժոյգնե­րը յստա­կօրէն հայ­կա­կան բարձրա­ւան­դա­կի հզօր, ցած­րա­հասակ բայց դի­մաց­կուն, ռազ­մա­կան պայ­մաննե­րու յար­մար ձիեր են, որոնք ամէն ռազ­մա­կան պար­տութե­նէ վերջ Հա­յաս­տա­նէն տաս­նեակ հա­զար­նե­րով կը գե­րեվա­րուէին ու կը տա­րուէին յաղ­թա­կան բա­նակ­նե­րու կող­մէ Պարսկաս­տան, Բիւ­զանդիոն եւ այ­լուր։

Գա­լով ար­ձա­նագոր­ծութեան ար­ուես­տին, ճիշդ է որ քրիս­տո­նէական շրջա­նին Հայաս­տա­նի մէջ խա­փանուեցաւ ան, կռա­պաշ­տութիւ­նը ար­գի­լելու հա­մար։ Եւ սա­կայն բազ­մաստուած Հա­յեր կը պաշ­տէին բա­ցի նե­րածուած-օտա­րամուտ աս­տուած­նե­րէ, նաեւ տե­ղական աս­տուած­ներ. դիք, որոնց մա­սին խօսք ան­գամ չկայ հին այլ ազ­գե­րու դի­ցաբա­նու­թեան մէջ։ Ծա­նօթ են անոնց Հա­յաս­տա­նի զա­նազան վայ­րե­րու մէջ կանգնե­ցուած ար­ձաննե­րը։ Հար­ցը հե­տեւեալն է. ո՞ւր կը ձու­լուէին կամ ալ կը թրծուէին այդ բո­լորը, եթէ ոչ Հա­յաս­տա­նի մէջ, եւ ո՞ւր գո­յու­թիւն ու­նէին ար­ձա­նագոր­ծութեան եւ քան­դա­կի հա­մար անհրա­ժեշտ նիւ­թե­րը, կաւ, մե­տաղ­ներ եւլն. Եւ եթէ ըն­դունինք որ ար­ձա­նագոր­ծութեան արուես­տը չէ բա­ցակա­յեր նա­խաք­րիստո­նէական Հա­յաս­տա­նի մէջ, ին­չո՞ւ չըն­դունինք նաեւ որ այդ չորս երի­վար­նե­րու բուն հայ­րե­նիքը Հա­յաս­տանն է։ Չէ՞ որ Վա­նայ Հա­ւաձո­րի շրջա­նին մէջ, Հայ­կա­բեր­դի բլու­րի կող­քին մին­չեւ այ­սօր կը մնայ Աս­տուածա­շէն անուն գիւ­ղը, ուր ժա­մանա­կին կը պատ­րաստուէին աս­տուած­նե­րու կուռքեր, ար­ձաններ, ըստ մեր պատ­միչներու։

Համառօտելով օգտուեցանք Գարեգին Լեւոնեանի Թիֆլիս լոյս տեսած «Գեղարուաստ No 5» հանդէսի (Վենետիկի Մխիթարեան տպարանէն 1913ին վերահրատարակուած «արտասահմանեան բացառիկ թիւ» էջ 153-159) յօդուածէն։

ՍԱՐԳԻՍ  ՍԵՐՈՎԲԵԱՆ

«Ակօս»

Scroll Up