Յունաստանի Համազգայինի 19-րդ Շրջանային ժողով

Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը՝ իր 19-րդ Բացառիկ Շրջանային ժողովը գումարեց Աթէնքի մէջ, Կիրակի 9 Նոյեմբեր 2014ին, ներկայութեամբ 4 շրջաններ ներկայացնող ընտրեալ պատգամաւորներու, խորհրդակցական ձայնով ընկերներու, հրաւիրեալներու եւ մասնակիցներու:

Ժողովին ներկայ եղան՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր ատենապետի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներդ, ինչպէս նաեւ «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագիրը:

Վերոյիշեալ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով:

Մէկ օրուայ վրայ երկարող քանի մը հերթական նիստերով՝ ժողովը հանգամանօրէն քննեց, նախ ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան անցնող 6 ամսուան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իր օրակարգին վրայ տեղ գտած կազմակերպական, կրթական-դաստիարակչական եւ մշակութային բնոյթի նիւթերը, ապա անցաւ յառաջիկայ երկամեակի իր ծրագրի մշակման:

Համազգայինի կազմակերպական վիճակը քննարկման ենթարկելով՝ Շրջանային Ժողովը ծանրացաւ իր մասնաճիւղերու կազմակերպական վիճակը բարելաւելու հիմնախնդրին վրայ, իր շարքերը երիտասարդացնելու, աւելին՝ Համազգայինի մեծ ընտանիքին աշխարհագրական ընդլայնումի հրամայականին տակ: Կատարեց գործնական առաջարկներ եւ տուաւ համապատասխան որոշումներ:

Մշակութային գործունէութեան ծիրին մէջ՝ իբրեւ մարդուժի արգասաբեր աղբիւր, ժողովը միութեան պարախումբի, թատերախումբի եւ երգչախումբի վերանորոգ դիմագիծ եւ կազմակերպական աւելի լայն տարողութիւն տալու ծրագրեալ աշխատանքի կարեւորութիւնը ընդ- գծեց, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու միաժամանակ մշակութային տարբեր բնագաւառներու համագործակցութիւնը առա- ւել անմիջական ու ամուր հիմերու վրայ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը:

Սուրիոյ մէջ աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր ծայր առած քաղաքական ճգնաժամի պատճառով երկրէն ներս բնակող մեր ժողովուրդի կրած բազմակողմանի ազգային վնասներուն ու կորուստներուն անդրադառնալով՝ Շրջանային Ժողովը որոշեց ամէն ձեւով զօրակցիլ սուրիահայութեան գոյատեւման ու անոր թափած վերականգնումի ճիգերուն:

Մեր մշակութային միութեան երկար տասնամեակներու հարուստ գործունէութենէն եւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» առաջադրանքէն մեկնելով, ժողովը կարեւորութեամբ ընդգծեց Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ Ջաւախքի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքեան բոլոր հայագաղութներուն գործօն համագործակցութիւն ստեղծելու Համազգայինի վարչութիւններուն ու միաւորներուն հետ:

Իր Շրջանային Ժողովի աշխատանքները եզրափակելով, ժողովը վճռակամութեամբ որոշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով՝ համայն աշխարհի առջեւ պահանջատիրական ոգիով ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը, բըռնօրէն հակազդելով Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ իրենց յայտնի թէ անյայտ դաշնակիցներու ամէն տեսակի քաղաքական սադրանքներուն:

Շրջանային Ժողովը իր աւարտին ընտրեց նոր Շրջանային Վարչութիւն յառաջիկայ երկու տարուան համար, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէ.-
Յովսէփ Պարազեան, Յովիկ Պապօղլեան, Մարիա Մարկոսեան-Տամատեան, Էտկար Էկեան, Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Վազգէն Յարութիւնեան (հեռանիստ), Նուարդ Ղալիլէա (հեռանիստ):

Յունաստանի Համազգային
Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 

19րդ Բացառիկ Շրջանային Ժողով

hamazkayin khempain_11-11-14 hamazkayin1_11-11-14 hamazkayin2_11-11-14 hamazkayin3_11-11-14 hamazkayin4_11-11-14

Scroll Up