Գանատական Քաղաքէն Հայ Տղան Մասնակցած Է Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին. News.am

Հայաստանի մէջ ծնած, բայց Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն գանատական Պրանթֆորտ քաղաքին մէջ բնակող Սամ Չիքեճեան այդ քաղաքէն պատերազմի մեկնած ամենաերիտասարդ բնակիչը եղած է, որ պայքարած ու զոհուած է: Տեղական «Brantford Expositor» պարբերականը յօդուած նուիրած է  երիտասարդ զինուորին:

Թերթին համաձայն, Չիքեճեան վճռական եղած է  կամաւոր զինուորագրուելու եւ Եւրոպա` մարտադաշտ մեկնելու հարցին մէջ: «Այն, ինչ ես կը յիշեմ, երբ ան դպրոց կ’երթար, սքոթլանտացի  քանի մը երեխաներու հետ մեկնեցաւ Թորոնթօ, որպէսզի միանայ սքոթլանտական գունդին: Բայց մայրը գնաց Թորոնթօ եւ ետ վերադարձուց անոր»,- պատմած է Սամի զարմիկը` 98-ամեայ Էնտի Չիչակեան Համիլթընէն:

Բայց որքան ալ մայրը` Լուսիկը, փորձած է ընտանիքի ամենակրտսեր երեխային ետ պահել պատերազմէն, Սամը կայացուցած էր իր որոշումը: Ան զինուորագրուած է եւ ուղեւորուած ովկիանոսէն այն կողմ: Միանգամայն հնարաւոր է, որ ան ծնած էր 1899 թուականին, սակայն աւելի հաւանական է, որ 1903 կամ 1904 թուականի ծնունդ  եղած է: Ամէն պարագայի, Սամ Չիքեճեան 1918 թուականի Փետրուարին եղած է Անգլիոյ մէջ, զինուորական պատրաստութիւն անցած` ճակատ մեկնելու համար: Գրեթէ եօթ ամիս անց ան զոհուած է եւ յուղարկաւորուած Ֆրանսայի Սեն-լը-Մարկեօն բնակավայրի «Օնթարիօ» գերեզմանատան մէջ:

Տեղացի պատմաբան Ճեֆրի Մոյերին շատոնց յայտնի է շարքային Սամ Չիքեճեանի պատմութիւնը: «Ան Պրանթֆորտէն ամենաերիտասարդն էր, որ պայքարած ու զոհուած է Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ»,- նշած է պատմաբանը:

Scroll Up