Չինաստանի Մէջ Հայերէն Կը Սորվին
2014թ. Սեպտեմբեր ամիսէն Չինաստան ԿԳՆ-ի աջակցութեամբ Փեքինի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ (ՓՕԼՀ) սկսաւ հայերէն լեզուի դասաւանդումը, որուն գործը վստահուեցաւ նոյն համալսարանի ասպիրանտ, Չինաստանի հայկական ուսանողական միութեան գործադիր կոմիտէի անդամ Մերի Կնեազեանին: Այս մասին կը տեղեկացնէ chinastan.org կայքը:
ՓՕԼՀ-ը կը հանդիսանայ օտար լեզուներ դասաւանդող յառաջատար համալսարանը Չինաստանի մէջ, եւ հայերէն լեզուի ուսումնասիրութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է ուսանողներուն մօտ: Ներկայիս հայերէն կը սորվին համալսարանի 2-րդ եւ 3-րդ դասարանի ուսանողները` իբրեւ 3-րդ օտար լեզու: Լեզուին հետ մէկտեղ, դասախօսութիւններու եւ տեսանիւթերու միջոցով ուսանողներուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի ծանօթանալու նաեւ Հայաստանի մշակոյթին եւ պատմութեան:
Հարկ է նշել, որ հայերէն լեզուի դասաւանդումը մեծ կարեւորութիւն ունի հայ եւ չինացի ժողովուրդներու մերձեցման գործին մէջ: