Ռումանիոյ ՄԷջ Հայագիտութեան Հիմնարկ Բացուած Է

Նոյեմբեր 7-ին Ռումանիոյ Կլուժ-Նապոկա քաղաքի Պապեշ-Պոյա համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայագիտութեան հիմնարկի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն համալսարանի տնօրէն, ակադեմիկոս Իոան-Աուրել Փոփի եւ ինստիտուտի տնօրէն, դոկտոր, փրոֆէսոր Լուչիան Նաստասէ-Կովաչի հետ կը մասնակցէին Երեւանի պետական համալսարանի տնօրէն Արամ Սիմոնեան, Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Համլէտ Գասպարեան, Կլուժի նահանգային խորհուրդի նախագահ Իշտուան Վակարը, Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան, Ալբա Իւլիայի արքեպիսկոպոս, Ռումանիոյ կաթոլիկ հայերու առաքելական առաջնորդ Գիորգի Եակուպինին, Ռումանիոյ Հրեաներու պատմութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի ղեկավար, դոկտոր Լիւիու Ռոտմանը, հայաբնակ Գեռլայի եւ Տումպրաւենի քաղաքապետները, Ռումանական ակադեմիայի անդամներ, մտաւորականներ, դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն, հայագիտութեան հիմնարկը առաջինն է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ եւ կեանքի կոչուած է հիմնարկի ղեկավար, նոյն համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով ուսումնասիրութիւններու դոկտորական դպրոցի տնօրէն Լուչիան Նաստասէ-Կովաչի եւ Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ, Ռումանիոյ Հայոց Միութեան աջակցութեամբ:

Ըստ Նաստասէ-Կովաչի` «Հայագիտութեան հիմնարկի հիմնադրումը ոչ միայն կարեւոր քայլ է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայկական համայնքներու ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ, այլ նաեւ չափազանց հրատապ` հաշուի առնելով գալիք տարի յիշատակուելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, իրադարձութիւն, որ խոր ազդեցութիւն  ունեցած է ողջ աշխարհի հայութեան վրայ»:

Դեսպան Համլէտ Գասպարեան, ներկայացնելով միջպետական մակարդակով տարուած աշխատանքը, որ նպաստած է Ռումանիոյ մէջ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութեան զարթօնքին, յոյս յայտնեց, թէ Պալքաններու  եւ յարակից երկիրներու մէջ հայոց հնամենի ներկայութեան մասին գիտական հետաքրքրութիւններէն զատ, Հայագիտութեան հիմնարկի գործունէութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ այսօրուան եւրոպական տարածքին մէջ մշակութային բազմազանութեան մէջ հայկական տարրի բացայայտման եւ հայկական ինքնութեան հարստացման, որմով նոր սերունդներուն համար աւելի պիտի դիւրանայ փոխճանաչումն ու փոխըմբռնումը:

«Կարծում եմ` Առաջին համաշխարհային պատերազմի 100-ամեակի եւ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համատեքստում Հայագիտութեան ինստիտուտը կարող է դառնալ բաց հարթակ այդ ահաւոր ողբերգութեան պատճառների եւ աւերիչ հետեւանքների քննարկման համար, հետեւանքներ, որոնք մեծապէս ազդել են հայ ժողովրդի յետագայ ճակատագրի վրայ, ձեւաւորել ծանր կորուստներով եւ դեռեւս չամոքուած խոր վէրքերով պայմանաւորուած հայկական ինքնութիւնը, հայ սփիւռքին եւ Հայաստանին կանգնեցրել դժուարագոյն մարտահրաւէրների առջեւ», – նշեց դեսպան Գասպարեան:

«Պապեշ Պոյայի համալսարանին մէջ Ռումանիոյ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայագիտութեան առաջին հիմնարկի հիմնումը համալսարանի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն է», – իր խօսքին մէջ ընդգծեց համալսարանի տնօրէն Իոան-Աուրել Փոփը: «Մենք հպարտ ենք, որ հայկական մշակոյթն ու քաղաքակրթութիւնը օրինակ հանդիսացած են ռումաններու, հունգարներու եւ գերմանացիներու համար: Նոր հիմնարկը կարեւոր եւ անհրաժեշտ քայլ է Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայկական համայնքներու ուսումնասիրութեան բնագաւառին մէջ եւ պէտք է հետազօտութիւններ կատարէ ոչ միայն անցեալին, այլեւ ներկային եւ ապագային վերաբերող թեմաներով»:

ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան բարձր  գնահատած է Հայագիտութեան հիմնարկի  հիմնումը եւ նշած, որ ԵՊՀ կողմէ պիտի ցուցաբերուի ամենայն աջակցութիւն հաստատութեան գործունէութեան ընթացքին: Հայագիտութեան հիմնարկի հիմնադրումը կարեւոր համարուեցաւ եւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեան եւ Կլուժի նահանգային խորհուրդի նախագահ Իշտուան Վակարը: Հայագիտութեան հիմնարկի բացման առիթով ուղերձ յղած էր նաեւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ Եպիսկոպոս Յակոբեան:

Բացման արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ Իոան-Աուրել Փոփի եւ Արամ Սիմոնեանի հանդիպումը, ուր կողմերը պայմանաւորուեցան համագործակցութեան պայմանագիրներ կնքելու Կլուժի եւ Երեւանի համալսարանններու, ինչպէս նաեւ Հայագիտութեան հիմնարկներու միջեւ:

Հայագիտութեան հիմնարկը, Կլուժի Պապեշ-Պոյա համալսարանէն զատ, կեդրոն կ’ունենայ նաեւ Գեռլայի` նախկին Արմէնոպոլիս քաղաքին մէջ, ուր յաջորդ օրը ճանաչողական այց կատարեցին ԵՊՀ պատուիրակութիւնը եւ ձեռնարկի հիւրերը:

Հայագիտութեան հիմնարկի բացումը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ ռումանական կեդրոնական մամուլով եւ հեռուստատեսութեամբ:

Պապեշ-Պոյա համալսարանը կը համարուի Ռումանիոյ մեծ եւ հեղինակաւոր համալսարաններէն մէկը: Համալսարանի հետաքրքրութիւնը պայմանաւորուած է Թրանսիլվանիոյ մէջ հայկական հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան առկայութեամբ: Հայերն այստեղ հաստատուած են 17-րդ դարու վերջերը, հիմնած բնակավայրեր եւ մեծապէս նպաստած այդ տարածքներու տնտեսական զարգացման, արհեստներու ու առեւտրի խթանման, մշակոյթի ու կրթութեան մակարդակի բարձրացման: Այդ մասին տեղական արխիւներուն մէջ, գիտակրթական հաստատութիւններուն, թանգարաններուն եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու պահոցներուն մէջ առկայ են հարուստ նիւթեր, հունգարերէն եւ ռումաներէն լեզուներով գրուած եւ կը  գրուին պատմական եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ: Հայագիտութեան հիմնարկի հիմնադրմամբ այդ աշխատանքներուն պիտի տրուին առաւել ծրագրային բնոյթ եւ ուղղուածութիւն:

Scroll Up