Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Պատասխանատուներու Այցելութիւնները` Հայկական Վարժարաններ

Հինգշաբթի, 6 նոյեմբեր 2014-ին, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու ղեկավարներ Ռազմիկ Պերթիզլեան, Ռոպերթ Առաքելեան, Կարէն ու Ժաքլին Մակինեաններ եւ Արմէն Ճենտերեճեան այցելեցին Ազգային Աքսոր Գասարճեան, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ազգային Աբգարեան վարժարաններ: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը:
Արուեստագէտներուն կ՛ընկերանային Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գործավար Յակոբ Մկրտիչեան եւ գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան ներկայացուցիչ Վարդան Յովսէփեան:
Անուանի արուեստագէտները խօսեցան «Թ. Ռոսլին» ակադեմիայի, «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի, «Գայեանէ» պարարուեստի եւ «Արեգ» թատերական դպրոցներու կարեւորութեան, ուսումնական ծրագիրներուն, արձանագրութեան եւ այլ պայմաններու մասին:
Աշակերտները մեծ խանդավառութիւն եւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին` արձանագրուելու Համազգայինի վերոյիշեալ դպրոցներուն մէջ, որոնք հայ աշակերտին հարազատ մշակութային օճախներն են:
Յառաջիկային պիտի շարունակուի արուեստագէտներուն այցելութիւնը հայկական վարժարաններ:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները ուրախութեամբ կը սպասեն բոլոր հայ արուեստասէր աշակերտներուն: