«Հայագիտութիւնը Ռուսաստանի Մէջ. Պատմութիւն Եւ Այժմեան Կեանք» Խորագիրով Համայնքային Գիտական Համաժողով Մոսկուայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/download4.jpg)
Նոյեմբեր 14-ին ժ.10:00-ին, Մոսկուայի Սբ.Պայծառակերպութեան եկեղեցական համալիրին մէջ պիտի կայանայ «Հայագիտութիւնը Ռուսաստանի մէջ. պատմութիւն եւ այժմեան կեանք» խորագիրով համայնքային գիտական համաժողովը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու հայ համայնքներու վարչութենէն:
Համաժողովը պիտի իրականացուի ՀԱԵ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի հովանիի ներքոյ, Մոսկուայի պետական համալսարանի Ասիոյ եւ Աֆրիկայի ինստիտուտի, ՌԴ ԳԱ Գորկիի անուան համաշխարհային գրականութեան հիմնարկի աջակցութեամբ` Մոսկուայի հայ համայնքային շարք մը կառոյցներու եւ գիտնականններու ջանքերով:
Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուին քննարկել հետեւեալ թեմաները. հայագիտութիւնը Ռուսաստանի մէջ` ժամանակակից շրջանի ռուսական հետազօտութիւններ Հայաստանի մասին, պատմութեան, քաղաքագիտութեան, ազգագրութեան, գրականագիտութեան, լեզուաբանութեան խնդիրներ, ՌԴ մէջ ՀԱԵ պատմութիւն, ՌԴ հայ համայնքային խնդիրներ, ՌԴ հայերու պատմութիւն, հայերու ներդրումը համաշխարհային գիտութեան տարբեր բնագաւառներու մէջ, համացանց-նախագիծեր, ԶԼՄ-ներ եւ այլ: