«Մանկական Եւրոտեսիլ- 2014» -ի Մասնակից Պեթին Հանդէս Պիտի Գայ 12-րդ Համարի ՆԵրքոյ

Հայաստանը «Մանկական եւրոտեսիլ- 2014»-ին ներկայացող փոքրիկ երգչուհի Պեթին հեղինակաւոր մրցոյթին հանդէս պիտի գայ 12-րդ համարի ներքոյ: Այս մասին պարզ  դարձած է Նոյեմբեր 9-ին: Յայտնի դարձած է, որ առաջին համարի ներքոյ հանդէս պիտի գայ Պելառուսիոյ, իսկ վերջին` 16-րդ համարի ներքոյ Հոլանտայի ներկայացուցիչը:

Պեթին հանդէս պիտի գայ «Արեւի մարդիկ» երգով: «Մանկական եւրոտեսիլ- 2014»-ը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 15-ին Մալթայի մէջ:

«Մանկութենէս իմ երազանքս  եղած է մասնակցիլ այս մրցոյթին: Կ’երազեմ յաղթել, որպէսզի յաջորդ տարուան «Մանկական եւրոտեսիլ»-ը  տեղի ունենայ Հայաստանի մէջ:   Կը խոստանամ, որ անպայման լաւ ելոյթ կ’ունենամ, բոլորին կ’ուրախացնեմ, անպայման լաւ հորիզոնական կը գրաւեմ, եւ մենք պիտի յաղթենք: Մրցոյթի բոլոր մասնակիցները շատ լաւ, ուրախ երգեր ունին»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` Մալթա մեկնելէ առաջ լրագրողներուն հետ զրոյցին նշած էր Պեթին:

Պեթիին «Արեւի մարդիկ» («People of the sun») երգի պատրաստման ընթացքին օգնած են երգահան Մանէ Յակոբեան, խօսքերու հեղինակ Աւետ Բարսեղեան եւ գործիքաւորող Մարտին Միրզոյեան:

«Մանկական եւրոտեսիլ- 2014» երգի միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթի մասնակից 16 պետութիւններն են` Հայաստան, Վրաստան,  Պելառուս, Պուլկարիա, Կիպրոս, Իտալիա, Մալթա, Մոնթենեկրօ, Ռուսաստան, Սերպիա, Շուէտ, Սլովենիա, Հոլանտա, Խորուաթիա, Սան Մարինօ եւ Ուքրանիա:

 

Scroll Up