Պուէնոս Այրէսի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/unnamed-61.jpg)
Պուէնոս Այրէսի Հայկական վարժարաններու մէջ ուսանող երեք հարիւրէն աւելի աշակերտներ նոյեմբեր 6-ին մասնակցեցան «Յիշումի եւ Պահանջքի Օրուան» միջոցառման, որուն ընթացքին անոնք ցանեցին Անմոռուկ ծաղիկի (որ ընտրուեցաւ իբրեւ խորհրդանիշ Հայկական Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին) հունտեր: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ամերիկայի հայ համայնքներու վարչութենէն:
Այս ձեւով մեր գաղութին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկներու շարքին:
Մեծ խանդավառութեամբ եւ գիտակցութեամբ անոնք երեք ժամ աշխատեցան Հայ Կեդրոնի Սիրանուշ սրահին մէջ: Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան՝ պարոն Վահագն Մելիքեան, Գիսակ Արք.Մուրատեան՝ Առաջնորդ Արժանթինի եւ Չիլէի, հայկական դպրոցներու տնօրէններ, ինչպէս նաեւ տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Սերմերը ցանուեցան 5000 փոքրիկ թաղարներու մէջ, որոնք ձրիաբար պիտի բաշխուին Նոյեմբեր 29ին՝ Պարրանքաս տէ Պելկրանօ թաղամասին մէջ տեղի ունենալիք «Պուէնոս Այրէս կը տօնէ Հայաստանի Օրը» բացօթեայ ժողովրդական հանդիսութեան ընթացքին:
Այս ձեռնարկը եւս կը մտնէ 100ամեակին նուիրուած գործունէութեանց ծիրին մէջ: