Լոնտոնի Մէջ Կայացած Միջազգային Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին Ատրպէյճանցիները Դրօշներով Շրջապատած Էին Արցախի Տաղաւարը

Նոյեմբեր 6-ին աւարտած է Մեծ Բրիտանիոյ Լոնտոն քաղաքին մէջ կայացած «WTM-Excel London-2014» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը:  Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը ունեցած է նաեւ ԼՂՀ պատուիրակութիւնը, որ իրականացուցած  է լայնածաւալ քարոզչութիւն` Արցախի զբօսաշրջային ներուժը ներկայացնելով բրիտանական զբօսաշրջութեան մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ tert.am-ը` վկայակոչելով ԼՂՀ կառավարութեան առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութիւնը:

Բացի տեղեկատուական նիւթեր տարածելէն, պատուիրակութիւնը կազմակերպած է գինիի համտես, ինչպէս նաեւ` աւանդական ուտեստներու հիւրասիրութիւն` բազմապատկելով Արցախի տաղաւարի այցելուներու թիւը:

Այս անգամ եւս ատրպէյճանական կողմը զերծ չէ մնացած իրեն համար աւանդական դարձած սադրանքներէն: Ցուցահանդէսի աշխատանքներու երկրորդ եւ վերջին օրերուն  խումբ մը ատրպէյճանցի երիտասարդներ դրօշներով շրջապատած էին Արցախի տաղաւարը եւ փորձած խափանել պատուիրակութեան աշխատանքները` փակելով մուտքը դէպի ԼՂՀ տաղաւար: Յատկանշական է, որ «ցուցարարներուն» մէջ կային նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան աշխատակիցներ: ԼՂՀ եւ ՀՀ պատուիրակութիւններու ջանքերու շնորհիւ հնարաւոր  դարձած է կասեցնել սադրանքը. կարճ ժամանակ յետոյ անվտանգութեան աշխատակիցները դուրս  բերած են ատրպէյճանցի կարգազանց երիտասարդները:

Ըստ ԼՂՀ կառավարութեանն առընթեր զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Սերգէյ Շահուերդեանի, որ այս օրերուն կը ղեկավարէր Արցախի պատուիրակութիւնը Լոնտոնի ցուցահանդէսին մէջ` «Վերջին շրջանում միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսներում ատրպէյճանցիների նման սանձազերծ պահուածքը պայմանաւորուած է գլխաւորապէս ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնում Ատրպէյճանի կողմից նախաձեռնուած հակահայկական բանաձեւի ձախողմամբ: Խօսքը վերաբերում է ս.թ. Հոկտեմբերին Սամարղանտում կայացած նշեալ կառոյցի գործադիր խորհրդի նիստում Ատրպէյճանի կողմից նախաձեռնուած «օկուպացուած տարածքներում զբօսաշրջութեան քարոզչութիւնը կանխելու մասին» բանաձեւին: Նիստի ընթացքում Ատրպէյճանի կողմից առաջարկուած վերոյիշեալ բանաձեւը չի ընդունուել ոչ մի երկրի կողմից: Իսկ ատրպէյճանական ցոյցերը նպատակ են հետապնդում ֆիզիկապէս անհնար դարձնել ԼՂՀ մասնակցութիւնը միջազգային խոշոր ցուցահանդէսներին, սակայն ապարդիւն»,- նշած է Սերգէյ Շահուերդեան:

«World Travel Market» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը կը համարուի խոշորագոյն զբօսաշրջութեան  իրադարձութիւն, որուն ժամանակ հազարաւոր ընկերութիւններ եւ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները կը ներկայացնեն զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ իրենց ներուժն ու ձեռքբերած յաջողութիւնները:

a-karabagh (1) a-karabagh (2) a-karabagh (4) g_image

Scroll Up