Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՄՄ «Րաֆֆի» Համալիրի Յարկին Տակ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/11/51-300x225.jpg)
Պաշտօնական այցով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մէջ գտնուող ՀՀ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմին էր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
2014 թուականի Հոկտեմբեր 22-ին ՀՄՄ «Րաֆֆի» համալիրը առաջին անգամ հիւրընկալեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը, որուն կ’ուղեկցէին Իրանի մէջ ՀՀ լիազօր եւ արտակարգ դեսպան պրն. Գրիգոր Առաքէլեան եւ մշակութային կցորդ Սահակ Եղիազարեան:
Նախարարը նշեց, որ «Րաֆֆի» համալիր այցելելու հիմնական նպատակը համալիրի աշխատանքներուն ծանօթանալէ բացի, ցանկութիւն ունէր մօտէն ծանօթանալու այն մարդոց հետ, ովքեր կեանքի կոչած են «Միասնական Համադրող Մարմին»-ը:
«Րաֆֆի» համալիրի վարչութիւնը պատշաճօրէն կազմակերպեց ընդունելութիւնը: Երբ նախարարը մուտք գործեց համալիր, սկաուտները աղ ու հացով դիմաւորեցին անոր, այնուհետեւ ան ծանօթացաւ համալիրի տարածքին ու հնարաւորութիւններուն, որմէ ետք նշեց, որ չէր պատկերացներ այսքան մեծ չափով մարզամշակութային կեդրոն:
Հրաւիրուած էին Միասնական Համադրող Մարմինի հասարակական միաւորներու բոլոր վարչականներն ու գործիչները, որոշ մտաւորականներ ու համալիրի աշխոյժ անդամներ, որոնք կլոր սեղանի շուրջ նախարարին հետ անկեղծ զրոյց ծաւալեցին:
Կլոր սեղանէն ետք տեղի ունեցաւ ժողովուրդի ու համալիրի համակիրներու ու բարեկամներու հանդիպումը նախարարին հետ: Նախարարը ներկայացուց սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներն ու քաղաքականութիւնը:
Նախարարը նշեց, որ կը փափաքի, որ «Րաֆֆի» համալիրը այսուհետեւ ընդգրկուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան այն ծրագիրներուն, որոնց «Րաֆֆի»-ն հնարաւորութիւն ունի մասնակցելու: Քանի որ նախարարի պատուին համալիրի կանանց երգչախումբը ներկայացուց «Հայաստան» երգը եւ կրտսեր անդամ Փիւնիկը իր ազդեցիկ ասմունքը նուիրեց նախարարին, նախարարը իր հերթին անոնց հրաւիրեց մասնակցելու Կոմիտասի փառատօնին ու ասմունքի համահայկական մրցոյթին:
Նախարարն իր բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին խօսեցաւ նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան նպատակներուն մասին եւ անդրադարձաւ այն հարցադրումներուն, որոնք արծարծուեցան վերջին` համահայկական 5-րդ խորհրդաժողովի ընթացքին: Այդ հարցադրումներն էին` 1-Հայաստանի զարգացում, 2-Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիր, 3-սփիւռքի կազմակերպում, 4-Ցեղասպանութեան հիմնախնդիր, 5-Հայոց լեզուի պահպանում, 6-«Համախմբում Հայ եկեղեցւոյ շուրջ» եւ 7-«Արտակարգ իրավիճակներու մէջ յայտնուած հայերու անվտանգութիւնը»:
Սփիւռքի նախարարը տեղեկանալով, որ համալիրի սկաուտական բաժանմունքի օգնութեամբ Արցախի «Հայկի սերունդ» հասարակական կազմակերպութեան ծիրէն ներս 2006 թուականէն հիմնադրուած է այդ կազմակերպութեան սկաուտական բաժանմունքը, բարձր գնահատեց եւ ողջունեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նոր սերունդ դաստիարակելու քայլերը: Հարկ է նշել, որ համալիրի եւ Արցախի «Հայկի սերունդ» երիտասարդական հասարակական կազմակերպութեան միջեւ սերտ կապեր գոյութիւն ունին ու յաճախ միասնական ճամբարներ կ’իրականացուին Արցախի Շուշի քաղաքին մէջ:
Միասնական Համադրող Մարմինի ներկայացուցիչները նշեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ կազմակերպած են եւ այդ ուղղութեամբ կատարած են որոշակի աշխատանքներ: Օրինակ` Իրան հրաւիրուած է Թուրքիոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժանմունքի գլխաւոր խմբագիր Բագրատ Էստուկեանը, Թեհրան հրաւիրուած է թրքագէտ Տիրան Լոկմագոզեանը, որոնք ունեցած են բազմաթիւ ելոյթներ, այցելութիւններ, մամլոյ ասուլիս եւ այլն: Պարսկերէն թարգմանուած ու հրատարակման պատրաստ է Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ» գիրքը, թարգմանիչ` Անդրանիկ Խեչումեան: Գիրքը պիտի հրատարակէ Միասնական Համադրող յանձնախումբը, մեկենասութեամբ պրն. Հրաչ Միրզախանեանի, որ նուիրուած պիտի ըլլայ անոր հօրեղբօրը` ազգային հասարակական գործիչ եւ հրապարակախօս հանգուցեալ Արամայիս Միրզախանեանի յիշատակին:
Հանդիպման ընթացքին իրենց խօսքը ըսին նաեւ բանաստեղծ, թարգմանիչ ու արձակագիր Խաչիկ Խաչերն ու Թեհրանի ազատ համալսարանի հայագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն` դկտ. Անդրանիկ Սիմոնեան: Նախարարը խոստացաւ պրն. Խաչիկ Խաչերի նոր գիրքի շնորհանդէսը կազմակերպել Հայաստանի մէջ: Այդ գիրքը 16 յայտնի հայ գրողներու գլուխգործոցներէն կազմուած է, որ թարգմանուած է պարսկերէնի: