Շուէտի Սէօդերթելի Քաղաքի Հայ Համայնքը Հայակական Եկեղեցի Կը Կառուցէ

Հոկտեմբեր ամսու սկիզբը, Շուէտի Սէօդերթելիէ քաղաքի հայ եկեղեցական վարչութիւնը եւ հայ հաւատացեալները ձեռնամուխ եղան հայկական եկեղեցի ձեռք բերելու աշխատանքներուն, այսօր եկեղեցին արդէն գնուած է` 15 տարուան ընթացքին պարտքը մարելու պայմանով:

Եկեղեցին կը կոչուի Սուրբ Միքայէլ եւ կառուցուած է շուէտական ճարտարապետութեան կանոններու համաձայն, սկսած են ներքին նորոգութեան եւ յարդարման աշխատանքները: Տեղի հայ հաւատացեալներու խնդրանքով, եկեղեցին պիտի վերանուանուի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եւ ամբողջովին պիտի բաւարարէ տեղի հայ համայնքի հոգեւոր կարիքները: Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը կ’աւարտի 2015 թ․ Փետրուարին, համայքի մտահոգութիւնը եկեղեցւոյ գնման պարտքերը մարելն է։ Համայնքի մէջ արարողութիւններ կը կատարէ Տ. Նորայր քահանայ Կէանճումեանը, եւ Բարեշնորհ Օհան սարկաւագ Պետրոսեանը։

Սթոքհոլմի Սոդերթելիոյ հայ համայնքը ստեղծուած է 1980 – ական թթ., իսկ իբրեւ եկեղեցական համայնք 1990 թ.: Համայնքի մէջ հայկական եկեղեցի չկար, ինչի պատճառով ալ արարողութիւնները կը կատարուէին շուէտական եւ ասորական եկեղեցիներու մէջ:

Շուէտի հայ համայնքը Աւստրիոյի, Չեխիոյ, Սլովաքիայի, Հունգարիոյ, Նորվեկիոյ, Ֆիլանտայի եւ Դանիայի հայ համայնքներու հետ միասին կը մտնէ Կեդրոնական Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան մէջ, համայնքի առաջնորդը 2013 թուականէն ի վեր Հոգեշնորհ Տ. Տիրան վարդապետ Պետրոսեանն է: 2013 թուականի Նոյեմբեր 13-էն Ամենայն Հայոց Հայրապետի տնօրինութեամբ Սքանտինաւիոյ երկիրներու հայ համայնքներու հոգեւոր պատասխանատուն նշանակուած է Տ. Եղիշէ վարդապետ Աւետիսեան:

Շուէտի հայ համայնքի կեդրոնը Սթոքհոլմն է: Հայ հոգեւորականները ժամանակ առ ժամանակ այցելած են Շուէտի համայնք, պատարագ մատուցած եւ եկեղեցական արարողութիւններ կատարած: 1977 թուականին Սթոքհոլմ այցելած է Տ. Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս Չեպէյեան:

1978 թուականին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Տ. Սերովբէ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի գործուն ջանքերով եւ տեղի հայորդիներով հիմք դրուեցաւ Շուէտի հայ եկեղեցական համայնքի: 1991 թուականին կայացած երկրորդ համագումարի որոշմամբ Ուփսալա քաղաքի մէջ հիմնադրուած է «Շուէտի հայկական միութիւնները համակարգող կեդրոն ”:

2011 թուականի տուեալներով Շուէտի մէջ կը բնակի շուրջ 7-8 հազար հայ, որուն մէկ երրորդը հայաստանցիներ են: Մօտ 4000 հայ կը բնակի Սթոքհոլմ (արուարձաններու մէջ), շուրջ 1000 – ը` Ուփսալայի մէջ, 600-700 – ը Վէսթերոսի մէջ, 700-800` Սոդերթելյէի մէջ, մնացածը, Գոթեբորգ, Մալմէօ, Լինշոփինգ, Եօնշոփինգ, Օրեբրօ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Շուէտի Խորհրդարանի մէջ ծագումով հայ 2 պատգամաւորներ կան` Մուրատ Արթինը եւ Իզապէլ Տինկիզեան:

Սթոքհոլմի Սոդերթելիոյ հայ համայնքը ստեղծուած է 1980 – ական թթ., իսկ իբրեւ եկեղեցական համայնք 1990 թ.: Համայնքի մէջ հայկական եկեղեցի չկար, ինչի պատճառով ալ արարողութիւնները կը կատարուէին շուէտական եւ ասորական եկեղեցիներու մէջ:

Scroll Up