«Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն»-ը երկու տարեկան է

Նոյեմբեր 7-ին, ժամը 16:00-ին, ՀԲԸՄ հայաստանեան գրասենեակի դահլիճի մէջ (հասցէ` Ալէք Մանուկեան 9, 5-րդ յարկ) ՀՀ սփիւռքի նախարարի եւ գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ տեղի պիտի ունենայ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀI-ի երկրորդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկ:


Ժամը 16:30-ին ձեռնարկի ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենայ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Պրազիլի մասնաճիւղի կողմէն սուրիահայ երեխաներուն աջակցութեան նպատակով տրամադրուած դրամական օգնութեան բաշխումը:

Scroll Up