Ատրպէյճանական Կողմը ԵԱՀԿ Առաքելութիւնը Յառաջապահ Դիրքերու Չէ Հասցուցած

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ունեցած համաձայնութեամբ, ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Նոյեմբեր 5-ին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի ծրագրաւորուած դիտարկում անցուցած է ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Սեյսուլան բնակավայրի արեւելեան ուղղութեամբ:

ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութեան փոխանցմամբ` ԼՂՀ Պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներ Եւգենի Շարովը (Ուքրանիա) եւ Խրիստօ Խրիստով (Պուլկարիա):

Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնական Իրժի Աբերլեն (Չեխիա) եւ ԳՆԱՆ անձնական օգնական Սայմըն Թիլերը (Մեծ Բրիտանիա):

Դիտարկումը անցած է ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի, կրակի դադարեցման վարչաձեւի խախտումներ չեն արձանագրուած: Սակայն ատրպէյճանական կողմը ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ հասցուցած իր առաջապահ դիրքեր:

Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարարութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները:

Scroll Up