ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի շնորհակալական նամակը Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին
Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր,
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Ձեզի՝ Հայաստան-Սփիւռք 5-րդ համաժողովի աշխատանքներուն Ձեր մասնակցութիւնը եւ օրհնութեան խօսքը բերելու համար:
Ամենապատի՛ւ Տէր, յատկապէս բարձր գնահատանքի արժանի է Ձեր գլխաւորութեամբ եւ անմիջական ջանքերով ու մասնակցութեամբ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած այն ահռելի եւ չափազանց պատասխանատու աշխատանքները, որ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին յաջողութեամբ կը կատարէ Վատիկանի մէջ, մասնաւորապէս՝ միջազգային էկումենիկ կապերու նախադէպը չունեցող 2015 թ, ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Վատիկանի Կուրիոյ կարտինալներու, բարձրագոյն հոգեւոր դասի եւ Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու մասնակցութեամբ հայածէս Սուրբ Պատարագի մատուցումը Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Քահանայապետի կողմէն:
Ոգեւորիչ եւ ընդօրինակելի է Ձեր ստեղծագործ տքնաջան գործունէութիւնը, որ Սփիւռքի հայ կաթողիկէ համայնքներու կը հաղորդէ հոգեւոր նոր լիցքեր:
Աւելորդ չեմ համարեր կարեւորելու Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի առաջնորդ Սրբազան հօր տիտանական աշխատանքը, որ անգնահատելի է կաթողիկէ եւ առաքելական համայնքներու մերձեցման, Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու աջակցութեան, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ:
Թո՛ղ Հայրենիքի եւ աշխարհափիւռ հայորդիներու միաբանման վեհ գործին իր նպաստը բերէ Հայաստան-սփիւռք 5-րդ համահայկական համաժողովի հռչակած սկզբունքները, որոնց կեանքի կոչելը ըլլան նաեւ համատեղ գործողութիւններու իւրօրինակ ծրագիր «սփիւռքի նախարարութեան եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միջեւ:
Ձեզի կը մաղթեմ առողջութիւն, ոգիի արիութիւն եւ համատեղ գործակցութեան նորագոյն հորիզոններ:
ԽՈՐԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ՝
ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ