Քրիստոսի Մկրտարանին Կից Կառուցուած Հայոց Ս. Կարապետ Եկեղեցիոյ Օծման Արարողութենէ Առաջ Կատարուած Բարի Գալուստի Խօսքը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/8984_b.jpg)
Յորդանանի վսեմաշուք Թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդ Պին Հուսէյնի անձնական Ներկայացուցիչ Մեծարգոյ Իշխան Էմիր Ղէզի Պին Մուհամմէտի ներկայացուցիչՏուրիզմի նախարարութեան Էմին ԱԱՄ Պրն. Իսա Կամմօ
Պատուարժան Պարոնայք Յորդանանի Պետութեան,
Ամենապատիւ Պատրիարք Նուրհան Արք. Մանուկեան,
Քրիստոնէական Համայնքներու Եկեղեցական Ներկայացուցիչներ,
Գերշ. Եւ Հոգեշն. Հայրեր,
Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Յարգարժան Բարերար՝ Տէր եւ Տկն Տօքթ. Վիգէն եւ Շնորհիկ Կարապետեաններ,
Պատուարժան Հիւրեր,
Սիրելի բարեպաշտ ներկաներ,
Մեծ է մեր ցնծութիւնն ու ոււրախութիւնը այս փառահեղ իրադարձութեանը առաջ:
Ամմանի ՀոգեւորԱռաջնորդարանի եւ Ազգային Տեղ. Խորհրդի կողմէ բարի գալուստ կը յայտնեմ Ձեզ , մեր բոլորին հոգիները խայտացնող այս միջոցառումին:
Այսօր, ողջ աշխարհի հայութիւնը կը բաղդաւորուի մի աստուածակերտ սրբավայրով, որտեղ Քրիստոս մկրտուեցաւ Յովհաննէսի Ձեռամբ, եւ Աստծոյ ձայնը լսելի դարձաւ հաստատելու, որ Յիսուս կը հանդիսանայ իր կողմէ նշանակուած եւ սիրելի անձը:
Սիրելի Ներկաներ, Նախախնամութեան կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած զուգադիպութեամբ մը, երէկ, Հինգշաբթի,30 Հոկտ. 2014-ին Ամեն. Պատրիարք Սրբ. Հօր ձեռամբկատարուած նորակառոյց եկեղեցիիս նկարներու Օծման արարողութիւնը կրկնակիօրէն պատմականացաւ երբ անբացատրելի հրճուանքով մը իր բարձր ներկայութիւնը բերաւ Հ. Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Պրն. Սերժ Սարգսեանը իր ողջ Պետական աւագանուհու հետ միասին:
Սիրելի ներկաներ, այս մեծաշուք առիթով մեր շնորհակալութիւնը կը յայտնենք եւ կը մեծարենք Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ բարերար այժմս հանգուցեալ Տօքթ. Կարօ Կարապետեանին, որի հոգին այսօր ներկայ է եւ կ’զմայլի մեր բոլորի հետ միասին: Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Տօքթ. Վիգէն Կարապետեանին, որ իր շնորհաբեր եւ հետեւողական աշխատանքներով կառուցեց եւ նուիրեց ողջ հայութեանը:
Արժանի է նշել, որ Սոյն Եկեղեցւոյ բարեզարդմանը համար իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումները ունեցան գաղութիս յառաջխաղացքը հետապնդող պատկառելի թիւով անձինք:
Կ’ուզեմ իրենց հանդէպ յարգանք յայտնել եւ իրենց անունները լսելի դարձնել այս Ձեր բոլորին:
Տէր եւ Տկն. Անդրանիկ Անդրանիկեաններ Առաջին նուիրատուները Եկեղեցիի բարեզարդմանը
Տկն Տիգրանուհի Նէտերին
Տիար Օշին Պէտէվեան Այժմս հանգուցեալ
Տիար Վիգէն Մահսերէճեան Ճարտարապետ
Տէր եւ Տկն. Վիգէն Մարգարեաններ Գաղութիս պատկառելի անդամ
Գէորգ եւ Զեփիւռ Գրիգորեաններ Գաղութիս Պատկառելի Անդամներ
Գէորգ եւ Անի Գէորգեաններ Ազգ. Տեղ. Խորհրդի անդամ
Նահապետ Մելքոնեան Միացեալ նահանգներու մէջ գործող Սրբոց Թարգմանչաց Շրջանաւարտից Միութեան կողմէ
Պրն. Եահիա Ապու Պիլալին
Ճիհատ Շուքուրեան Ճարտարագէտ
Տիար Վիգէն Ներսէսեան Գանատայէն
Տէր եւ Տկն Ալպէր Տէմիրճեան Ամմանահայ Գաղութի անդամ
Տկն. Հելէն Ներսէսեան Ամմանահայ Գաղութի անդամ
Տէր եւ Տկն Սարգիս եւ Անթառամ Գարակէօզեաններ Երուսաղէմէն
Տէր եւ Տկն Ստեփան եւ Սուզաննա Յակոբեաններ Երուսաղէմէն
Տկն. Մարի եւ Օր. Ազնիւ Պաղտասարեաններ Երուսաղէմէն
Տկն. Թէրէզ եւ Օր. Ռինա Ճռնազեաններ Երուսաղէմէն
Արա Պաղսարեան Յայտնի Արուեստագէտ
Դաւիթ Դաւիթեան Հայրենիքէն Եկեղեցիիս կից Խաչքարի նուիրատու
Տկն Ռաքէլ Մարգարեան Վարժարանիս Փոխ Տնօրէնո%