Շարլ Ազնաւուրը Թուրքիոյ Իզմիրցիներու Կողմէ Մրցանակ Կը Ստանայ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երաժիշտ Շարլ Ազնաւուր թրքական «Ոսկէ Սօսի» մրցանակ ստացած է:
Թրքական Posta պարբերականի թղթակից Էրքան Օզերմանին յաջողած է Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլի միջնորդութեամբ հարցազրոյց կազմակերպել Շարլ Ազնաւուրի հետ, կը գրէ News.am-ը:
Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլը Շարլ Ազնաւորին յանձնած է Թուրքիոյ Իզմիրցիներու կողմէ անոր հասցէագրուած «Ոսկէ սօսի» մրցանակը: Սակայն «Ոսկէ սօսի» մրցանակի պաշտօնական յանձնման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր Պոլսոյ մէջ:
Շարլ Ազնաւուր նշած է, թէ իր իզմիրցի մայրը եթէ տեսնէր իր համաքաղաքացիներու տուած այդ մրցանակը, շատ ուրախ պիտի ըլլար:
Թրքական պարբերականը յիշեցուցած է, որ 1924-ին Փարիզ ծնած Ազնաւուրի մայրը Ֆրանսա տեղափոխուած է Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքէն, իսկ հայրը` Վրաստանէն: