Ատրպէյճանական Դիւանագիտութիւնը Կ’առաջնորդուի Թիւրըմբռնումներով. Արամ Աւետիսեանի Անդրադարձը` ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Պլոկին Վրայ
ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի պլոկ The Hill-ը` քաղաքականութեան ոլորտի մասնագէտներու հարթակը, հրապարակած է ԱՄՆ-ի մէջ ԼՂՀ-ի գրասենեակի խորհրդական Արամ Աւետիսեանի պատասխանը ատրպէյճանցի լրագրող Նասիմի Աղաեւի խմբագրականին, որ, հեղինակին խօսքով, նպատակ ունէր ընթերցողներուն շեղելու, կը գրէ tert.am-ը:
Աւետիսեան կը նշէ, որ Արցախի անկախութիւնն ու ինքնորոշումը սատարող Քալիֆորնիոյ իշխանութիւններու ընդունած բանաձեւը ցոյց կու տայ, որ ԱՄՆ-ի այդ նահանգին մէջ Արցախը զգալի աջակցութիւն ունի` ի հեճուկս Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին, որ տարիներ ու միլիոններ կը ծախսէ ի շահ վարչակարգի գործերը ընելու համար:
Հեղինակը կը նշէ, որ Աղաեւը պատճառ ունի նեղուելու Քալիֆորնիոյ մէջ իր երկրի «Խաւիարային դիւանագիտութեան» ապագայէն:
Կը նկատուի, որ խորհրդային Ատրպէյճանի հալածանքներէն ազատելու համար Արցախի ժողովուրդը խաղաղ, ժողովրդավարական միջոցներու դիմած է: Պատերազմը եղած է Ատրպէյճանի ընտրութիւնը: Ինչ որ իր հերթին ապագաղութականացման տրամաբանութիւնը ըմբռնելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անկարողութեան հետեւանքն է:
«Այսօր նպատակը ապագայ ողբերգութիւնները կանխելն է, սակայն ցաւալի է, որ այդ նպատակը չի կիսեր Ալիեւի վարչակարգը: Ասիկա կը դրսեւորուի ոչ միայն հայերու հասցէին ատելութիւն պարունակող հռետորաբանութեամբ, այլեւ խաղաղութիւն ցանկացող ատրպէյճանցիներու դէմ հալածանքներով»,- կը նշէ ան:
Անդրադառնալով Աղաեւի տարբեր պնդումներուն` հեղինակը հետեւեալ հակափաստարկները կը բերէ: Արդէն 20 տարի է, որ Ատրպէյճանը չի կատարեր ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը, Ատրպէյճանը չի կատարեր ԱՄՆ-ի եւ միջազգային հանրութեան պահանջը` ետ կանչելով իր դիպուկահարները շփման գիծէն:
Իսկ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու փորձը` Ղարաբաղի խնդիրը ներկայացնել իբրեւ տարածքային վէճ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ, կը հակասէ 1994-ի հրադադարին, որ ստորագրած են Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Լեռնային Ղարաբաղը, որ պարզորոշ ցոյց կու տայ եռակողմ ձեւաչափ:
Ըստ հեղինակին` բանակցութիւնները արդիւնք չեն տար, քանի որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի վերադառնալու նախքան 1998-ը գործած ձեւաչափին, երբ մասնակից կողմ էր նաեւ ԼՂՀ-ը:
Հեղինակը կը նկատէ նաեւ, թէ որքան անհեթեթ է Աղաեւի կողմէ իր երկիրը իբրեւ «յետխորհրդային յաջողութեան տիպար» ներկայացնելու փորձը: Ատիկա բնորոշիչ եւ ծիծաղելի է Ալիեւի վարչակարգի հռետորաբանութեան համար, երբ կաշառակեր վարչակարգը կը վայելէ նաւթի ապահոված բարիքները եւ սեփական քաղաքացիներուն կը պատժէ Facebook-ի վրայ մեկնաբանութիւններ ընելու համար, հարիւրի մօտ քաղբանտարկեալ պահելով, կը ճնշէ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն եւ ՀԿ-ներուն` չնայած միջազգային հանրութեան, ԱՄՆ-ի նախագահի քննադատութեան: Աւետիսեան կը յիշեցնէ նաեւ այս հանգամանքներով Ատրպէյճանին սպառնացող պատժամիջոցներուն մասին: Եւ կը նկատէ, թէ հազիւ ասիկա կարելի է յաջողութեան օրինակ համարել, որուն արժէ հետեւիլ:
Աւետիսեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Քալիֆորնիային նշուած իրողութիւններն ըմբռնելու համար, իսկ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին` Արցախին ընդլայնուած աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: