Հայաստանի Մէջ Պելճիքայի Նորանշանակ Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեանին

Նախագահ Սերժ Սարգսեանին երէկ հաւատարմագիրները յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Պելճիքայի Թագաւորութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալէքս Վան Մէուվէնը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Նախագահը շնորհաւորած է Ալէքս Վան Մէուվէնը մեր երկրին մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելու առիթով  եւ մաղթած յաջողութիւններ: Սերժ Սարգսեան դեսպանին շնորհաւորած է նաեւ Պելճիքայի մէջ նոր դաշնակցային կառավարութեան ձեւաւորման եւ վարչապետի նշանակման առիթով` յոյս յայտնելով, որ կառավարութիւնը` վարչապետի գլխաւորութեամբ, պիտի ընէ  հնարաւորը` Պելճիքայի միջազգային հեղինակութիւնը աւելի ամրապնդելու եւ երկիրն առաւել բարեկեցիկ դարձնելու համար:

Հանդիպման զրուցակիցները երկուստեք կարեւոր համարած են հայ-պելճիքական միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու համակողմանի համագործակցութեան շարունակական զարգացումը: Հանրապետութեան Նախագահն ընդգծած է, որ Հայաստանը Պելճիքայի հետ յարաբերութիւնները կարեւոր կը համարէ ոչ միայն երկկողմ, այլեւ Եւրոպական կառոյցներու շրջանակին մէջ համագործակցութեան տեսանկիւնէն: Այդ ծիրին մէջ անդրադարձ եղած է Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին:

Դեսպան Ալէքս Վան Մէուվէնը վստահեցուցած է, որ պաշտօնավարման ընթացքին պիտի ներդնէ բոլոր ջանքերը երկկողմ կապերն աւելի ամրապնդելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ:

Scroll Up