Հայաստան Պիտի Այցելէ Մեծ Բրիտանիոյ Եւրոպայի Հարցերով Պետական Նախարար Տէյվըտ Լիտինկթընը
Ս.թ. Նոյեմբեր 3-ին պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի ժամանէ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով պետական նախարար Տէյվիտ Լիտինկթոնը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:
ՄԹ Եւրոպայի հարցերով նախարարին պիտի ընդունի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Նոյն օրը տեղի պիտի ունենան Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Տէյվիտ Լիտինկթընի բանակցութիւնները, որոնց պիտի հետեւի համատեղ մամլոյ ասուլիս:
Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Եւրոպայի հարցերով ԱԳ նախարարը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք պիտի մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: