Մահչուփեան. «Հայկական Աշխարհի Բազմաշերտութիւնը Կը Թեթեւցնէ Թուրքիոյ Գործը»
Պոլսահայ գրող, լրագրող, հրապարակախօս Էթյէն Մահչուփեան վարչապետ Ահմէթ Դաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական նշանակուելէ ետք առաջին անգամ հարցազրոյց տուած է: Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Աքշամ» պարբերականը, Մահչուփեան կը կարծէ, որ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (ԱԶԿ-AKP) եւս 10 տարի պիտի ղեկավարէ, եթէ 2015 թուականին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ չպարտուի:
Այս մասին ինչպէս կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը, խօսելով Հրանդ Տինքի դատավարութեան հարցով կառավարութեան դրսեւորած վերաբերմունքին մասին` ան նշած է, որ ատիկա հէնց Թուրքիոյ Հանրապետութեան դատն է: Այդ իսկ պատճառով ինքն ալ իբրեւ հայ որոշած է չհետաքրքրուիլ այդ դատավարութեամբ: «Այս դատը զիս, իբրեւ հայու, որեւէ ըսելիք չունի: Ինծի համար կարեւոր չէ, 5 թէ 55 մարդ կը դատապարտեն: Այստեղ մէկ այլ առերեսման կարիք կայ:
Եթէ կուսակացութիւնը, կառավարութիւնը իր խղճի փնտրտուքներու համար կը ցանկայ թղթածրարներ բանալ եւ կրկին ուսումնասիրել, ապա ատիկա թուրք հասարակութեան եւ իսլամական հատուածի խիղճը կը թեթեւցնէ եւ իսկապէս արժէքաւոր պիտի ըլլայ: Սակայն եթէ պիտի ըլլայ, իրաւական պահանջներէն եւ Եւրոմիութեան ճնշումներու պատճառով, ուրեմն ատիկա ինծի համար որեւէ նշանակութիւն, իմաստ չունի»,- ըսած է Մահչուփեան:
Լրագրողի այն հարցին, թէ իբրեւ վարչապետի խորհրդական, 2015 թուականին Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեայ տարելիցին հետ կապուած ինչպիսի սպասելիքներ ունի, աշխարհի մէջ ինչ արձագանքներ պիտի ըլլան եւ ինչ պէտք է ընէ Թուրքիան, Մահչուփեան նշած է, որ հայկական աշխարհը շատ բազմաշերտ է (Հայաստան, Սփիւռք, Թուրքիոյ հայ համայնք), ինչ որ կը թեթեւցնէ Թուրքիոյ գործը, սակայն միեւնոյն ժամանակ կ’աւելցնէ պատասխանատուութիւնը:
Թուրքիոյ գործը կը թեթեւնայ, քանի որ մէկ ընդհանրական պահանջի դէմ յանդիման չի կանգնիր: Իսկ պատասխանատուութեան աւելացման առումով Մահչուփեան նշած է, որ ցանկութեան պարագային Թուրքիան կրնայ որեւէ բան չընել, սակայն ատիկա եւս ուշադրութիւն պիտի գրաւէ: Ըստ նորանշանակ խորհրդականին` ատիկա ցոյց պիտի տայ, որ Թուրքիան սեփական պատմութեան հետ առերեսուելու հարցին մէջ կասկածներ ունի: