Թուրքիոյ ՄԷջ Պիտի Վերակառուցուի Աւերակներու Վերածուած Եկեղեցին
Թուրքիոյ երբեմնի հայաբնակ Պալու շրջանին մէջ դարեր առաջ կառուցուած եւ այժմ աւերակներու վերածուած եկեղեցին պիտի վերակառուցուի: Այս մասին կը հաղորդէ tert.am-ը:
Պալուի քաղաքապետ Մեհմէթ Սաիթ Տաղօղլուն այցելած է հայկական եկեղեցի եւ ըսած. «Եկեղեցին, ուր կը գտուինք, 8 դար շարունակ ծառայած է հայ համայնքին: 1970-ականներուն այն դեռ կանգուն եղած է, եւ ատիկա կ’երեւի լուսանկարներուն մէջ: Գանձեր որոնողները շինութեան էական վնասներ հասցուցած են, իսկ մենք` այստեղ բնակողներս, այն չենք պահպանած: Հայ համայնքի հետ հանդիպելով` 2015-2016թթ.-ին մտադրած ենք սկսելու ատոր վերակառուցումը: Աստուծոյ կամքով, պիտի կարենանք ընել, եւ մեր հայ հարեւաններուն ու բարեկամներուն հետ դարձեալ կը հանդիպինք Պալուի մէջ»:
Վերակառուցուած է նաեւ քաղաքի մզկիթը:
«Անատոլու» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ քաղաքապետը նշած է, որ այդ տարածքներուն մէջ տարբեր հաւատքի բնակիչներ հարիւրամեակներ շարունակ միասին կ’ապրին:
«Կողք կողքի ապրած են եւ ամէն մէկն իր հաւատքը հանգիստ ըրած է: Ուլու մզկիթը այս ամիս վերակառուցուեցաւ: Այժմ հայ համայնքին հետ մեր հանդիպումները կը շարունակուին: Եթէ յաջողի` 2015-2016թթ.-ին կը սկսինք 100 մեթր տարածք ունեցող այս եկեղեցւոյ վերակառուցումը»,- ըսած է ան:
Քաղաքապետը Պալուն խճանկարի նմանցուցած է:
«Պալուն շրջակայքին քաղաքակրթութիւններու, արուեստի ու տարբեր մշակոյթներու առումով շատ բան տուած է: Այժմ մենք կը պայքարինք, որպէսզի արուեստագէտները դարձեալ կողք կողքի աշխատին»,-ըսած է ան: