Պիթլիսի Մէջ Սարոյեանի Անունով Փողոց Անուանակոչելու Հարցով Խառնաշփոթ Է
Պիթլիսի փողոցներէն մէկը ամերիկահայ գրող Ուիլիամ Սարոյեանի անուամբ կոչելու գործընթացքը խառնաշփոթ է:
2014թ Մարտ 1-ին Թաթուանի մէջ «Պիթլիսի հայերը» խորագիրով ցուցահանդէս տեղի ունեցած էր, որուն ընթացքին անգլիաբնակ գիտնական Արա Սարաֆեան առաջարկած էր փողոցը, ուր բնակած էր Սարոյեանի ընտանիքը, անուանել գրողի անունով: Պիթլիսի քաղաքապետարանը տուած էր իր համաձայնութիւնը: Սակայն փողոցի անուանակոչումը դեռեւս չէ կայացած: Սարաֆեանի նամակէն, որ Հոկտեմբեր 15-18-ին ժամանած էր Պիթլիս փողոցի բացման մասնակցելու համար, պարզ կը դառնայ, որ փողոցի անուանակոչման դէմ եղած է Պիթլիսի նահանգապետ Օրհան Օզթիւրքը: Այս մասին կը գրէ Ermenihaber.am-ը:
Սարաֆեան, յղում ընելով Պիթլիսի համաքաղաքապետ Նեւին Տաշտեմիր Տաղըրքանին, կը նշէ, որ փողոցին անունը չէ փոխուած, քանի որ նահանգապետ Օզթուրքի կարծիքով «Սարոյեան կապ չունի Պիթլիսի հետ»: «Ակօս» թերթի հետ զրոյցին Տաղըրքան հերքած է Սարաֆեանի խօսքերը, նշելով, որ վերջինիս հետ հանդիպման ընթացքին ինքը նման բան չէ հաղորդած, քանի որ նահանգապետէն ալ նման արտայայտութիւն չէ լսած: Նահանգապետարանը հարցի վերաբերեալ դեռեւս որեւէ յայտարարութիւն չէ ըրած:
Տաղըրքանի տեղեկացմամբ քաղաքի աւագանիի կողմէ Օգոստոս ամսուն փողոցը Սարոյեանի անուամբ կոչելու մասին կայացուցած որոշումէն ետք քաղաքապետարանի եւ նահանգապետարանի միջեւ սկսած պաշտօնական գրագրութիւնը կը շարունակուի:
Համաքաղաքապետը նշած է նաեւ, որ կրկին պէտք է դիմեն քաղաքի աւագանիին, սակայն այս անգամ քրտական «Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն» կուսակցութեան անդամներու կողմ ձայները չեն բաւարարեր դրական արդիւնքի համար եւ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսկացութեան անդամներու աջակցութիւնը: