Երեւանի Մէջ Պիտի Կառուցուի Չինարէն Լեզուի Խորացուած Ուսուցմամբ Դպրոց

Հիմք ընդունելով ՀՀ կառավարութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան «Տեխնիկատնտեսական համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրները, գործադիրը կ’որոշէ ընդունիլ Երեւանի մէջ չինարէնի խորացուած ուսուցմամբ դպրոց կառուցելու մասին, չինական կողմին տրամադրելով համապատասխան տարածք: Դպրոցի շինարարութեան վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է ՀՀ եւ ՉԺՀ նախագահներու միջեւ 2010թ. կայացած հանդիպման ժամանակ: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն:

Scroll Up