Ազգային Կերակրատեսակները` Մոսկուաբնակ Երիտասարդներու Ձեռքով

2013-2014 ուսումնական տարուան ՀԱԵ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց Թեմի Մոսկուայի «Հայորդաց տան» մէջ բացուած էր նոր խմբակ` «Հայկական խոհանոցի գաղտնիքները» անուամբ, ուր յաճախողները ազգային խոհանոցի կերակրատեսակներ պատրաստելու եւ պատրաստածը գնահատելու հնարաւորութիւն ստացած էին: Դասընթացքի պահանջարկն այնքան մեծ էր, որ այս ուսումնական տարուան մէջ եւս խմբակի ղեկավար Արմինէ Իջեան, ստանալով Թեմակալ Առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութիւնն ու հաւանութիւնը, կը շարունակէ դասընթացները:
Անցեալ տարի հիմնական շեշտը դրուած էր հայկական խոհանոցի վրայ, իսկ այս տարի Արմինէ Իջեան մեծ տեղ կը յատկացնէ նաեւ այլ խոհանոցներու կերակրատեսակներու պատրաստման:
«Այս տարի խմբակ ընդուած է տարբեր տարիքի եւ սեռի եւս 12 աշակերտ: Կան սաներ, որոնք դասերուն կը յաճախէին նաեւ անցած տարի: Անոնցմէ է տիկին Թամարան: Ան ծանօթ է մեր պատրաստած գրեթէ բոլոր կերակրատեսակներուն, սակայն մեծ սիրով եւ հետաքրքրութեամբ ներկայ կ’ըլլայ դասերուն, քանի որ, ինչպէս ինք կ’ըսէ, մենք տարբեր ձեւով կը պատրաստենք: Փոքր սանուհիս 13-ամեայ Անժէլիքան է, որ քրոջ` Լիլիթին հետ, այս տարի ամրանը խոհարարական հմտութիւններով հաճելիօրէն զարմացուցած է ընտանիքի անդամներուն»,- մեզի հետ զրոյցին ըսաւ Արմինէ Իջեան եւ աւելցուց, որ դասընթացներուն պիտի ներգրաւուին նաեւ կրթօճախի ուսուցիչները, որոնք սաներուն պիտի սորվեցնեն պատրաստել իրենց բնակավայրի որեւէ կերակրատեսակ:
Կերակրատեսաները պատրաստելէ ետք յաճախ համտեսելու կը հրաւիրեն ուսուցիչներուն, որոնք հիացումով կ’արտայայտուին համտեսած կերակրատեսակի մասին:
Արմինէ Իջեան դասերով չի սահմանափակուիր: Այս տարի կը նախատեսեն նաեւ վարպետութեան դասընթացներ ոչ միայն խմբակի անդամներուն,այլեւ բոլոր ցանկացողներուն համար: Օրերս խմբակի սաները ձեւաւորեցին տօնական սեղան, որուն անբաժանելի մասը` կարկանդակը, եւս իրենք պատրաստեցին:
«Հայորդաց տան» տնօրէն Հմայեակ Գէորգեան մեզի հետ զրոյցին նշեց, որ նման դասընթացի գաղափարը շատոնց ունեցած են սակայն այն հնարաւոր եղած է իրականացնել «Արմինէ Իջեանի պէս` խոհանոցի եւ ազգային կերակրատեսակներու գիտակի շնորհիւ»:
«Խմբակին ընդգրուիլ ցանկացողներու մեծ թիւը կը խօսի առաջարկի արդիականութեան մասին եւ շատ հաճելի է , որ ազգային խոհանոցի գաղտնիքները իւրացնելու ցանկութիւն ունին նաեւ ուժեղ սեռի ներկայացուցիչներ: Պէտք է նշեմ, որ երբեմն ես ալ կը սիրեմ տան կամ բնութեան գիրկը` ընկերներուս հետ որեւէ համեղ բան պատրաստել: Իսկ ընդհանուր առմամբ, ինծի համար` անկրկնելի համեղ կերարատեսակներով հայկական խոհանոցը` մօր, հարազատ տան ու ջերմութեան զգացողութիւնը կ’ապահովէ: Իսկ խոհանոց-ընտանիք- աւանդոյթ-ազգ-պետութիւն անքակտ շղթան դեռեւս ոչ մէկը չէ կրցած քանդել»,- եզրափակեց Հմայեակ Գէորգեան:
Արմինէ Կարէյեան, Մոսկուա