Ինչու՞ Հայկական Անցեալը Քիւրտերուն Համար Զգայուն Հարց Է

Թուրքիան պէտք է առերեսուի Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան հետ, քիւրտերը եւս պէտք է բարձրաձայնեն այդ ողբերգութեան մասին: Երեւանի մէջ կը գտնուի Թուրքիայէն ժամանած քրտական պատուիրակութիւնը` քիւրտ հասարակական գործիչ Իսմայիլ Պեշիքչիի գլխաւորութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ armnewstv.am-ը:

Պեշիքչին Թուրքիոյ մէջ երկար տարիներ կը զբաղի քրտական հարցով, բարձրաձայնելով քիւրտերու դէմ իրականացուող քաղաքականութեան մասին: Ան բազմիցս յայտարարած է, որ Հանրապետական Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու վիճակը նման է 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութեան հայերու դրութեան: Միջազգային հանրութիւնը մեծ հաշուով համարժէք չարձագանքեց, ինչպէս չարձագանքեց 1890-ականներուն, երբ հայերուն կը կոտորէին քրտական աշիրէթներու ձեռքով:

Դահլիճէն դիտարկում հնչեց, որ ի տարբերութիւն հրեաներուն, հայերուն ցեղասպանութեան  ենթարկած են իրենց հայրենիքին մէջ եւ հայրենազրկած: Քիւրտ գործիչը իր խօսքին մէջ մշտապէս կը կիրառէ Քիւրտիստան եզրոյթը, որուն վերաբերեալ ալ ըսուեցաւ, որ նախընտրելի է կիրառել աւելի հին եւ ընդունելի պատմական Հայաստան կամ Արեւմտեան Հայաստան եզրոյթը: Քիւրտ գործիչը հիմնականին մէջ համաձայնեցաւ դիտարկման հետ:

Հայաստան ժամանած պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ յայտնի քիւրտ քաղաքական գործիչ, Տիարպեքիրի նախկին քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրը: Հէնց Պայտեմիրի պաշտօնավարման շրջանին  Տիարպեքիրի փոքրաթիւ հայերը, նաեւ ծպտեալ հայերը սկսան բարձրաձանել իրենց հայկական ինքնութեան մասին: Նոյն շրջանին քաղաքապետարանի աջակցութեամբ եւ հայերու ֆինանսաւորմամբ վերակառուցուեցաւ Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին: Քիւրտ գործիչները կը ճանչնան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ քրտական քաղաքական շրջանակները բազմիցս յայտարարած են, որ կը ճանչնան քրտական հարցի կողքին նաեւ հայկական հարցի գոյութիւնը: Բայց շատ հարցերու մէջ` յատկապէս տարածքային, կայ շահերու բախում:

Scroll Up