Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի. Դպրաց Դասի Օր

Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագով նշուեցաւ Դպրաց դասի օրը: Այս մասին կը յայտնէ «Ազդակը»:
Ս. պատարագին նախագահեց եւ քարոզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան: Ան իր քարոզին բնաբանը ընտրած էր Գիւտ խաչի տօնը: Հայր սուրբը լուսարձակի տակ առաւ խաչին կարեւորութիւնը քրիստոնեային կեանքին մէջ:
Ս. պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասի հիմնադիր Ղեւոնդ արք. Չէպէեանի եւ դպրաց դասի ննջեցեալ բոլոր սարկաւագներուն եւ դպիրներուն հոգիներուն համար:
Ապա եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Դպրաց դասի ատենապետ Կարօ Աղազարեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ: Ան արժեւորեց յիշատակը անձնուէր բոլոր ծառայողներուն, որոնք իրենց ծառայութեամբ պայծառացուցած են եւ իրենց դրոշմը ձգած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Կ. Աղազարեան կոչ ուղղեց ներկաներուն հետեւելու իրենց նախորդներու օրինակին:
Հուսկ Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան իր խօսքը արտասանեց: Ան նշեց, որ դպրաց դասի անդամները եկեղեցւոյ մէջ իրենց ծառայութեամբ մասնակից են Աստուծոյ ծառայութեան: Վաղինակ Ծ. վրդ. Մելոյեան շնորհաւորելէ ետք դպրաց դասի օրը, խրախուսեց բոլորին մնայուն ներկայութիւն ըլլալու եկեղեցւոյ մէջ:
Աւարտին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յարութիւն Ա. քհնյ. Կոստանեանի ծննդեան 75-ամեակին առիթով եկեղեցւոյ թաղականութիւնը յուշանուէր փոխանցեց անոր եւ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում: