Աշխարհի Առաջին Կին Ովկիանոսագէտը Հայուհի Մըն Է

Շատերու համար անծանօթ կը մնայ այն իրողութիւնը, որ աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը հայուհի մըն է` Անիթա Քոնթի անունով:

Անիթա Կարագոշեան ծնած է 17 մայիս 1899-ին` Ֆրանսայի Էրմոնթ քաղաքին մէջ: Անիթայի ծնողները, ծնունդով պոլսեցի Լեւոն ու Ալիս Կարագոշեաններն էին:

Երբ Անիթան չափահաս դարձաւ, որոշեց զբաղիլ ովկիանոսագիտութեամբ: 28 տարեկանին, Անիթայի կեանքի ընկեր կը դառնայ Վիեննայի դեսպանատան աշխատակից, ծագումով իտալացի` Մարսել Քոնթին, որ բարձր գնահատելով իր կողակիցը ամբողջ կեանքի ընթացքին նեցուկ կը կանգնի անոր հաւատալով Անիթայի եզակի ու դժուար առաքելութեան:

1935-ին, գիտական նաւարկութեան կը պատրաստուէր ժամանակի արհեստագիտութեան վերջին նուաճումներով զինուած «Թէոտոր Թիսյէ» նաւը, որուն զուտ տղամարդոցմէ բաղկացած անձնակազմին մէջ աշխատելու հրաւիրուեցաւ 36-ամեայ տաղանդաշատ ու խոստմնալից, աշխարհի առաջին կին ովկիանոսագէտը` Անիթա Քոնթի-Կարագոշեանը: Այդ իրադարձութիւնը լայնօրէն լուսաբանած տասնեակ լրագրողներ ապշած էին նաւու վրայ ովկիանոսագէտ կնոջ ներկայութեամբ: Անոնք այդ իրողութիւնը որակեցին իբրեւ` «դարու ամէնէն անհաւանական ու ցնցող երեւոյթը»:

1936-1938 թուականներուն արդէն ճանչցուած ովկիանոսագէտ Անիթա Քոնթին հետազօտութիւններ կը կատարէ Խաղաղական, Հնդկաց եւ Սառուցեալ ովկիանոսներուն մէջ: 1941-45 տարիներուն գրեթէ ամբողջ աշխարհը ներքաշուած էր Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին մէջ: Ֆրանսական կառավարութեան համար կար դժուար մարտահրաւէր մը` ականազերծել Փա-տէ Քալէ նեղուցի եւ Պարենցի ծովուն մէջ գերմանացիներու կողմէ ականապատուած ֆրանսական նաւերը: Այս դժուար գործի կազմակերպումն ու ղեկավարումը կը վստահուի Անիթային:

Պատերազմի տարիներուն Անիթա Քոնթին անգամ մը եւս կը զբաղի կարեւոր գործունէութեամբ` ան անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ կատարելով, կը գտնէր ձուկերու մեծաքանակ վտառներու հարուստ պաշարներ ու սննդառատ ձկնատեսակներով կ՛ապահովէր թէ՛ մարտնչող զօրքը, թէ՛ խաղաղ բնակչութիւնը, բան մը, որ ուտելիքի ծայրայեղ սղութեան պայմաններուն մէջ պարզապէս անփոխարինելի էր:

1947-ին Անիթա Քոնթին կը ծանօթանայ հռչակաւոր ծովագնաց, ճանապարհորդ, ֆրանսացի մեծ գիտնական Ժաք Քուսթոյի, որ հետագային կը դառնայ անոր լաւ բարեկամն ու գործընկերը:

Անիթա Քոնթին ընտրուած է տասնեակ Ովկիանոսագիտական ակադեմիաներու պատուաւոր անդամ, անոր մասին բազմաթիւ յօդուածներ տպագրուած են ֆրանսական «Լը Մոնտ»-ի եւ «Լը Ֆիկարօ»-ի մէջ, բազմաթիւ այլ պարբերականներ ու գրողներ հիացական տողեր ձօնած են մինչեւ իսկ 80 տարեկանին ծով դուրս եկած գիտնականին, փիլիսոփային, մեծ բնախոյզին ու լուսանկարիչին` նշելով, որ այս բազմատաղանդ կինը նաեւ շարք մը բանաստեղծութիւններու հեղինակ է:

Մեծ հետազօտողն ու գիտնականը շուրջ մէկ դարու բեղումնաւոր կեանք ունեցաւ: Ան կեանքէն հեռացաւ 25 դեկտեմբեր 1997-ին, Ֆրանսայի Տաուրնեն քաղաքին մէջ` 99 տարեկանին:

«Ազդակ»

Scroll Up