Ճանֆրանքօ Ռաւազի. Մարդկութիւնը Կը Յիշէ, Բոլորը Կը Յիշեն

Վատիկանի մշակոյթի գիծով քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, կարտինալ Ճանֆրանքօ Ռաւազին պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստան: Ան այցելած է ԵՊՀ, ուր հանդիպում ունեցած է գիտական խորհուրդի անդամներուն եւ ուսանողութեան, ինչպէս նաեւ տեղի  ունեցած է «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ. Քրիստոնէութեան ընդհանուր ժառանգութիւն» աշխատութեան հայերէն եւ ռուսերէն թարգմանութեան շնորհանդէսը:

«Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հետ միասին իմ ղեկավարած նախարարութիւնը` մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդը, կը կազմակերպենք բազմաթիւ ձեռնարկներ` կաթոլիկ աշխարհին մէջ հայ մշակոյթը ալ աւելի ճանաչելի դարձնելու համար»,- ըսած  է կարտինալը` յիշեցնելով, որ վերջերս Հռոմի Վիթորիանօ թանգարանային համալիրին մէջ Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր «Արեւելքի առակները: Քրիստոնէութիւնը նոր հազարամեակի մարտահրաւէրներու առջեւ» խորագիրը կրող լուսանկարներու ցուցահանդէսը, որուն բացման ներկայ էր ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչ որ, ըստ կարտինալին, կը խորհրդանշէ ամենաբարձր մակարդակով յարաբերութիւններու զարգացման մասին:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն` արդեօք հնարաւոր է կարտինալին 2015-ի Ապրիլ 24-ին հանդիպելու Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին նշած էր` չի գիտեր` ինքը կու գայ, թէ ոչ, բայց «Հայ ժողովուրդի կողմէ ցանկութիւն կայ, որ Հռոմի պապը գայ  Հայաստան»:

Ճանֆրանքօ Ռաւազին նշած է, որ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ այդ օրը հայ ժողովուրդին ուղղուած համերաշխութեան, եղբայրութեան ուղերձ պիտի ըլլայ:

«Մարդկութիւնը կը յիշէ, բոլորը կը յիշեն: Չեմ գիտեր` ուր կ’ըլլամ, բայց անպայման այդ ատենը կը յիշեմ»,- ըսած է կարտինալը:

Ան անդրադարձած է նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման` յոյս յայտնելով, որ այսօր Փարիզի մէջ կայանալիք ՀՀ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպումը կը դառնայ որոշիչ` կանխելու ապագային նման վայրագութիւններու կրկնութիւնը, այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը:

unnamed (1) unnamed (2) unnamed

Scroll Up