Քիւրտերը Արաբ Բունարի Արեւելքին Տարածքներու Կը Վերատիրանան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/1027_Kobane.jpg)
Արաբ Բունարի արեւելեան ճակատին վրայ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ բուռն բախումները վերստին ծագեցան: Քիւրտերը կրցան քաղաքին արեւելքը գտնուող տարածքներու վերատիրանալ եւ յաջողեցան ՏԱՀԵՇ-ը վտարել Թել Շահիրի արեւմուտքը գտնուող Իզահա շրջանէն: Բախումներու ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի 50 զինեալներ սպաննուած են: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:
Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ ամերիկեան ռմբաձիգները Արաբ Բունարի մօտ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերուն դէմ 5 յարձակումներ գործած են, իսկ դաշնակից ուժերու ռմբաձիգներուն հետ 10 այլ յարձակումներ գործած են Իրաքի մէջ:
Մինչ այդ, երէկ հաղորդուեցաւ, որ շուրջ 150 փեշմերկաներ արդէն քաղաք հասած են, սակայն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը երէկ յայտնեց, որ փեշմերկաները պատրաստ են Արաբ Բունար մեկնելու, սակայն Թուրքիոյ կողմէ արգելքի կը հանդիպին:
Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի փեշմերկաներու հարցերու նախարար Մուսթաֆա Քատեր լրագրողներուն յայտնեց, որ «մինչեւ հիմա փեշմերկա ուժեր Արաբ Բունար չգացին եւ մենք պատրաստ ենք զանոնք ուղարկելու: Մենք Թուրքիոյ պետութեան կեցուածքին կը սպասենք եւ այդ պատճառով որեւէ ուժ չենք ուղարկած»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր յայտարարած էր. «Ժողովրդային միութիւն կուսակցութիւնը փեշմերկաներու գալուստը չ՛ուզեր: Ժողովրդային միութիւն կուսակցութիւնը կը կարծէ, որ փեշմերկաներուն ժամանումով իր խաղը պիտի խանգարուի: Իրենց պատրաստածը պիտի քանդուի»:
Փեշմերկաներու հարցերու նախարարութեան բանբեր Հալկորտ Հեքմաթ նախապէս յայտնած էր, որ տեղակայումը «աջակցութեան ուժերուն», որոնք զինուած պիտի ըլլան գնդացիրներով, հրասանդներով եւ ականանետերով, տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթ: