Արեւմտեան Հայաստանի Տարածքին Կ՛ապրին Շուրջ 2 Միլիոն Իսլամացած Հայեր
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/01360.jpg)
Քանի մը օրէն լոյս պիտի տեսնէ Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանի նոր գիրքը: Հեղինակը այս աշխատութեան մէջ կը նկարագրէ արեւմտահայերուն ներկայ վիճակը, վեր կ՛առնէ Թուրքիոյ մէջ իսլամացած հայերուն խնդիրները:
27 Հոկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայկազուն Ալվրցեան պատմած է իր հետազօտութիւններուն, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կատարած բացայայտումներուն եւ ունեցած հանդիպումներուն մասին:
Ըստ անոր՝ այսօր աւելի քան 3 միլիոն իսլամացած հայ կայ: Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին անոնց թիւը 2 միլիոնի սահմաններուն մէջ է: Անոնց մէկ մասը ծպտեալ հայեր են, որոնք մինչեւ օրս կը պահպանեն իրենց ազգային ինքնութիւնը, թէեւ՝ գաղտնի: Ոմանք ալ վերջերս սկսած են բացայայտուելու, նոյնիսկ՝ մկրտուելու: