Ղրիմի Հայերը Որոշած Են Ստեղծել Իրենց Ազգային-Մշակութային Ինքնավարութիւնը

Ղրիմի հայկական ընկերութեան (ՂՀԸ) ազգային համագումարը որոշում ընդունած է թերակղզիին մէջ ստեղծել տարածաշրջանային ազգային-մշակութային ինքնավարութիւն, այս մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը:
«Տարածաշրջանային ազգային-մշակութային ինքնավարութիւնը, ՌԴ-ի օրէնքներուն համապատասխան, Դեկտեմբեր 13-ին պիտի արձանագրուի արդարադատութեան նախարարութեան մէջ»,- Ռիա Նովոստին յայտնած Է ՂՀԸ-ի ղեկավար Վաղարշակ Մելքոնեան: Ան նշած Է, որ նոր տարածաշրջանային միաւորման կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին տեղի հայերու 17 ազգային-մշակութային ինքնավարութիւններ: Անոր խօսքով` նման ինքնավարութեան ստեղծումը, ի տարբերութիւն հասարակական կազմակերպութեան կարգավիճակի, թոյլ կու տայ հայերուն` յաւակնիլ մշակոյթի, ազգային լեզուի, ինքնատիպութեան եւ պատմական ժառանգութեան իրենց ծրագիրներու ֆինանսաւորման հանրապետական եւ պետական պիւտճէէն:
«Արդէն ազգային-մշակութային քաղաքային ինքնավարութիւններ ստեղծուած են Եալթայի, Թէոտոսիայի, Կերչի մէջ, մնացածները ձեւաւորման փուլի մէջ են: Մենք ունինք Ղրիմի հայկական ընկերութեան 17 բաժանմունքներ, եւ որոշում ընդունած ենք, որ բոլոր 17-ն ալ մինչեւ տարուան վերջը պէտք Է ռուսաստանեան դաշտ մտնեն քաղաքային ազգային-մշակութային ինքնավարութիւններու տեսքով»,- ըսած Է Մելքոնեան:
ՂՀԸ-ի ներկայացուցիչը նշած Է, որ, իրենց տուեալներով, Ղրիմի մէջ կ’ապրին 15 հազարէ մինչեւ 20 հազար հայեր: Սակայն իրական թիւը յայտնի պիտի դառնայ Ղրիմի մարդահամարի արդիւնքներու ամփոփումէն ետք: Ազգային-մշակութային ինքնավարութեան հիմնարկը Ռուսաստանի մէջ ստեղծուած Է 1996 թուականին, այն ազգային փոքրամասնութիւններուն հնարաւորութիւն կու տայ ինքնուրոյն զբաղելու մշակոյթի, լեզուի եւ ազգային կրթութեան զարգացմամբ: Արդէն ստեղծուած են քանի մը հարիւր նման ինքնավարութիւններ: