Ֆրանսայի Եւ Հայաստանի Նախագահներու Հանդիպումը

Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի հրաւէրով աշխատանքային այցով Փարիզի մէջ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր Ելիսէյեան պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսուա Օլանտի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները քննարկած են հայ-ֆրանսական յագեցած օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ, անդրադարձած նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն: Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նախագահ Օլանտին` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան մէջ Ֆրանսայի դերակատարման եւ ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղուած փարիզեան հանդիպման նախաձեռնութեան համար:
Հանդիպման զրուցակիցները վերստին ընդգծած են, որ հայ-ֆրանսական առանձնաշնորհեալ յարաբերութիւններն ընդհանուր արժէքներու վրայ հիմնուած հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վկայութիւնն են, որոնք տարիէ տարի աւելի կ’ամրապնդուին բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններով, միջխորհրդարանական սերտ կապերով, ապակեդրոնացուած համագործակցութեան ընդլայնմամբ ու զարգացմամբ, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրէն ներս համագործակցութեամբ: Սերժ Սարգսեան եւ Ֆրանսուա Օլանտ երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են, որ քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութենէն բացի, աշխուժօրէն կը զարգանան եւ կ’ամրապնդուին նաեւ տնտեսական կապերը. ֆրանսական ներդրումներու ծաւալը հայաստանեան տնտեսութեան մէջ այսօր արդէն կը կազմէ շուրջ մէկ միլիար ԱՄՆ տոլար:
Նախագահ Օլանտ շնորհակալութիւն յայտնած է Սերժ Սարգսեանին`միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան Հայաստանի շահագրգիռ մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ Աֆրիկեան տարածաշրջանին մէջ ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ իրականացուող գործողութիւններուն հայկական կողմի մասնակցութեան պատրաստակամութեան համար:
Անդրադառնալով ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին` Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը մշտապէս հանդէս կու գայ բացառապէս խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով հակամարտութեան կարգաւորման օգտին եւ նշած, որ բարձր կը գնահատէ համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու ու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ջանքերը` միտուած բանակցային գործընթացի յառաջմղման, տարածաշրջանին մէջ մշտական խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներու հանդիպումէն ետք Փարիզի Մարինյի պալատին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ մեկնարկած են ԼՂ հիմնախնդիրի կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու բանակցութիւնները: Ատոնք աւելի ուշ կ’ամփոփուին Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ու ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահներու համատեղ հանդիպման ժամանակ: