Հայ Կապոյտ Խաչի «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակի յանձնում
Ինչպէս ծանօթ է Հայ Կապոյտ Խաչի Պատգամաւորական ժողովի որոշումով, տարիներէ ի վեր հաստատուած է «Թագուհի Փաշայեան» մրցանակը՝ 600 եւրօ գումարով, որ կը յատկացուի այն հայ ուսանողին որ Հայ Կապոյտ Խաչի վարժարանները յաճախած է եւ համալսարան ընդունուած է՝ մուտքի բարձրագոյն նիշը ստացած ըլլալով:
5-րդ տարին ըլլալով իրագործուեցաւ մրցանակի յանձնումը:
Ինչպէս կը յայտնէ «Ազատ օր»-ը, 2013-2014 տարեշրջանին համար Թագուհի Փաշայեան մրցանակը հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ Լոռի Գույումճեանին, Երկուշաբթի 20 Հոկտեմբեր 2014-ին, Գարէայի «Ազատամարտ» ակումբէն ներս գումարուած Հ. Կ. Խաչի միջ-վարչական ժողովին ընթացքին, ի ներկայութիւն՝ Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան եւ հինգ մասնաճիւղերու վարչութեանց ընկերուհիներուն, պարգեւատրուող երիտասարդուհիի եւ իր ընտանեկան պարագաներուն:
Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Սեդա Յովակիմեան, նշեց թէ Հայ Կապոյտ Խաչը հաւատարմութեամբ կը հետապնդէ կրթական եւ դաստիարակչական ծրագիրներու յաջողութիւնը, հաւատալով, որ փայլուն նոր սերունդ մը մեծ հպարտանք է մեր բոլորին համար: Այս ծիրէն ներս Հ. Կ. Խաչը կը քաջալերէ իրենց ուսման մէջ փայլուն արդիւնքներ արձանագրող ուսանողները։ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին շնորհաւորեց մրցանակակիր երիտասարդուհին եւ իր ծնողքն ու ընտանիքը։
Ան նաեւ կոչ ուղղեց հայ երիտասարդութեան նուիրուածութեամբ մօտենալ գաղութային մեր հարցերուն, ըլլալ գործօն եւ դերակատարութիւն վերցնել ազգային մեր կեանքէն ներս:
Ինչպէս ծանօթ է, մրցանակի յանձնման գործընթացը մամուլով կը յայտարարուի, ապա հետաքրքրուողներուն կողմէ Յունաստանի համալսարաններու մուտքի քննութեանց նիշերը կը փոխանցուին Հ. Կ. Խաչի գրասենեակ ու քննելէ ետք ստացուած դիմումները եւ նիշերը, կը հաստատուի համալսարան մուտքի բարձրագոյն նիշերը ապահոված աշակերտը: Ինչպէս նշեցինք արդէն, այս տարեշրջանին համար բարձրագոյն նիշ արձանագրած ուսանողուհին Լոռի Գույումճեանն է, որ յաջողեցաւ 18.654-ով մուտք գործել Աթէնքի Քափոտիսթրիաքօ համալսարանի համակարգչային եւ հեռահաղորդակցութեան ճիւղը (Εθνικό και Καποδιστριακό Πανεπιστήμιο Αθηνών, τμήμα πληροφορικής και τηλεπικοινωνιών):