Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Հանդիպի Իրանի Քրիստոնեայ Համայնքներու Հոգեւոր Պետերուն
Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2014-ին, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հրաւէրով, տեղի ունեցաւ Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այս մասին կը յայտնէ armenianorthodoxchurch.org-ը:
Սեպուհ սրբազանը ընդհանուր կերպով ներկայացուց Իրանի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած պատկերը` յայտնելով, որ յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպումներ կ’ունենան ընդհանրական հարցերու շուրջ խորհրդակցելու նպատակով: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հոգեւորականները, որոնք լայն բացատրութիւններ տուին իրենց համայնքներուն առնչուած ծրագիրներուն, մտահոգութիւններուն ու աշխատանքներուն մասին:
Արամ Ա. կաթողիկոս ողջունելով քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները շեշտեց յաճախակի առիթներով միասին ըլլալու եւ քրիստոնեայ համայնքները յուզող հարցերուն շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը: Վեհափառ հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրին իշխանութիւնները ազատութիւններ շնորհած են քրիստոնեայ համայնքներուն` իրենց կեանքը կազմակերպելու ու կրօնական արարողութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած ծրագիրներ մշակելու: Վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, յիշեցուց քրիստոնէական միութեան առաջնահերթութիւնը` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը նկատելով միջեկեղեցական գործակցութեան ամէնէն կարեւոր կառոյցը շրջանին մէջ:
Ապա, վեհափառ հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն: Յայտնենք, որ Թեհրանի առաջնորդ սրբազանին կողքին նաեւ ներկայ էին Նոր Ջուղայի եւ Ատրպատականի առաջնորդներն ու քահանաները: