ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻ ՊԱՀՊԱՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆԸ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/10/Աբովյան.jpg)
Որքա՞ն իրապաշտ պիտի ըլլար խօսիլ հայ մշակոյթի ծառաներու մասին,առանց յիշատակելու Խաչատուր Աբովեանը:
Նահապետական նշանաւոր ընտանիքի զաւակ Խաչատուր Աբովեան ծնած է Քանաքեռ, 1809-ին: Նախնական ուսումի համար, ծնողները զինք կը յանձնեն Էջմիածինի Եփրեմ Կաթողիկոսին: Վեց տարի ետք, ուսումը շարունակելու համար կը մեկնի Թիֆլիս:1823-ին կը սկսի յաճախել Ներսիսեան վարժարանը, Ստեփանոս Նազարեանի եւ քանի մը ուրիշներու հետ կը դառնայ այդ կրթական օճախին առաջին շրջանաւարտներէն մէկը: Հայրենիք կը վերադառնայ եւ կը ձեռնադրուի սարկաւագ: Ժամանակ մը ետք, ռուս եւ եւրոպացի ճանապարհորդներու համար կ’աշխատի իբրեւ թարգմանիչ:
Խաչատուր Աբովեանի հասարակական – քաղաքական հայեացքները կը ձեւաւորուին 1828-29 թուականներուն, ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին, երբ պատերազմի սարսափին չդիմանալով, աւելի քան իննսուն հազար արեւելահայեր ակամայ գաղթեցին դէպի Ռուսաստան եւ Պարսկաստան : Ձարական Ռուսիոյ եւ Օսմանեան Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը չէր կրնար բացասական ազդեցութիւն չունենալ ազատամիտ Աբովեանի հասարակական- քաղաքական հայեացքներուն վրայ:
Ձարական Ռուսիոյ նկատմամբ խանդավառ վերաբերմունք ունեցող Աբովեանի մօտ յառաջացան գաղափարական շրջադարձի նախադրեալներ՝ ձախողեցան դպրոց ստեղծելու անոր ծրագիրները, չիրականացան սեփական պետականութիւն վերականգնելու հայ ժողովուրդին ձգտումները: Ռուսիոյ ապաւինող Աբովեանը համոզուեցաւ, որ անհրաժեշտ էր վստահիլ միայն ու միայն սեփական ուժին:
1829 թուականին, խումբ մը գիտնականներու ընկերակցութեամբ, Էջմիածին կ’այցելէ Թորպատի (Էսթոնիա) համալսարանի դասախօս Ֆրիտրիխ Պարոթը՝ Արարատ լերան գագաթը բարձրանալու առաքելութեամբ: Ամենայն Հայոց Եփրեմ կաթողիկոսը Աբովեանին կ’արտօնէ մասնակցիլ այդ արշաւախումբին՝ իբրեւ տեղական պայմաններուն ծանօթ անձնաւորութիւն: Պարոթի հետ ծանօթութիւնը կը զարգանայ: Յետագային, Աբովեան, պետական կրթաթոշակով բարձրագոյն ուսում կը ստանայ Թորպատի համալսարանին մէջ: Այդ միջոցին լաւապէս կը տիրապետէ գերմաներէն, ֆրանսերէն, Անգլերէն,լատիներէն լեզուներուն: Կ’ուսումասիրէ պատմութիւն, բնական եւ հասարակական գիտութիւններ,երաժշտութիւն: Հայրենիք վերադառնալէ ետք տեսուչ կը նշանակուի Թիֆլիսի եւ այլ գաւառական դպրոցներու մէջ: 1848-ին կը նշանակուի Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանի տեսուչ,սակայն տակաւին պաշտօնը չստանձնած, կ’անհետանայ…:
Մեծ Լուսաւորիչին խորհրդաւոր անհետացումին մանրամասնութիւնները, թանձր խաւարի մէջ թաղուած կը մնան առ այսօր: Ակսել Բակունցի կարծիքով, Խաչատուր Աբովեանը մեկնած է մասնակցելու Եւրոպական Յեղափոխութիւններուն: Հանրածանօթ ակադեմիկոս Աշոտ Յովհաննիսեան կը պնդէ, թէ Աբովեան գործած է անձնասպանութիւն: Ուրիշներու մօտ այն համոզումը ստեղծուած է, թէ թուրքերը սպաննած են Աբովեանը: Ոմանք կը պնդեն՝ Աբովեան աքսորուած է Սիպերիա: Անոր աքսորին մասին գոյութիւն ունի բաւական կարեւոր փաստաթուղթ: Նոյնանման վկայութիւն մը նաեւ առկայ է բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանի մօտ:
1927-ին, Վիեննայի մէջ տպագրուած «Հանդէս Ամսօրեայ»ի համարներէն մէկուն մէջ, «Խաչատուր Աբովեանի գերեզմանը Ախոտսկի մէջ» խորագիրով յօդուածը ստորագրող Ռուբէն վարդապետ Մանասեան կը պատմէ, թէ Սարգիս Գրձիլեան անունով կովկասահայ մը իրեն վկայած է հետեւեալը՝ Ծերուն անունով անձնաւորութիւն մը, որ նոյնպէս աքսորուած է Սախալին եւ տիրապետած լուսանկարչութեան արուեստին,իրեն նուիրած է շարք մը լուսանկարներ,որոնց մէջ եղած է նաեւ Աբովեանի գերեզմանին լուսանկարը: Այս մասին անոր յայտնած է ռուս մը՝ ըսելով.« Դուն հա՞յ ես, ահա այստեղ թաղուած է Խաչատուր Աբովեանը, որ աքսորուած էր այստեղ»:
Խաչատուր Աբովեանի Սիպերիա աքսորուելու կարելիութեան մասին փաստարկ մը եւս կը բերէ Սուրբ Էջմիածնի Ճեմարանի վաստակաւոր ուսուցիչ Ստեփան Կանայանցը: Ան կը պատմէ, թէ Գերմանիա գտնուած տարիներուն, Աստրախանի իր բարեկամէն ստացած նամակներէն մէկուն մէջ, վերջինս կը յիշատակէ,թէ ռուս նշանաւոր հրապարակախօս Նիքոլայ Չերնիշեւսքին,Աստրախանի մէջ հանդիպած հայերուն պատմած է , թէ ինք Սիպիրի մէջ աքսորի օրերուն յաճախ տեսած է Խաչատուր Աբովեանը:
Խաչատուր Աբովեան կը նկատուի հայ նոր գրականութեան հիմնադիրը, իր «Վէրք Հայաստան» պատմական վէպով: «Վէրք Հայաստանի» վէպը մեծ ազդեցութիւն ձգած է հայ հասարակական մտքի զարգացման վրայ՝ ընթերցողը դաստիարակելով հայրենասիրութեան եւ ազգային զոհողութեան ոգիով: Անոր նիւթը հայ ժողովուրդի գոյապայքարն է: Օտարի լուծէն ազատագրուելու, համախմբուելու, կորսնցուցած պետականութիւնը վերականգնելու ձգտումները: «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ, Աբովեան յաջողեցաւ բացատրել հայ ժողովուրդի քաղաքական հոգեւոր, տնտեսական թշուառութեան պատճառները, միաժամանակ ցոյց տալով վերածնութեան ճանապարհը: : «Վէրք Հայաստանի»ն ազգային դիւցազներգութեան հերոսապատում մըն է , որ ուժ եւ կորռվ կը ներշնչէ հայ նոր սերունդին
«Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ Խաչատուր Աբովեան կ’արծարծէ համազգային կարեւոր հարցեր: Առաջինը անկասկած լեզուի խնդիրն էր: Աբովեան կը հաստատէ, թէ գրաբարը մեր ժողովուրդի հին ժամանակաշրջանի գրական լեզուն է եւ մշակուած հայերէնի բարձրագոյն ձեւը: Աբովեան երբեք բացասաբար չի խօսեր գրաբարի մասին,սակայն կ’աւելցնէ՝ գրաբարը չէր կրնար դառնալ ընդհանուր խօսակցական լեզու: Աբովեանի կարծիքով,աշխարհաբարը աւելի հարազատ ըլլալով ժողովուրդին՝ պիտի հանդիսանար խաւարի եւ տգիտութեան մէջ խարխափող հայ հասարակական կեանքը լուսաւոր ուղի դուրս բերող միջոցը:Աբովեան համոզուած էր, որ նոր գրականութիւնը եւ հայախօսութիւնը հզօր թռիչք պիտի պարգեւեն հայ ժողովուրդի երեւակայութեան:
Աբովեանի երկրորդ հարցը «Վէրք Հայաստանի» վէպին մէջ հերոսի կերպարն է: Ան երկար ժամանակ կը մտածէ, թէ որո՞ւն մասին գրէ, որպէսզի ժողովուրդը հաճոյքով փնտռէ եւ կարդայ: Ժողովուրդին մօտ արթնցնէ ընթերցանութեան ոգին: Աբովեան ընտրեց ժողովուրդի ծոցէն ծնած հերոս մը: Հասարակ գիւղացի երիտասարդ մը՝ Աղասին: Կ’արժէ նշել, որ Աղասին իսկական կերպար է: Աբովեանի ժամանակակիցը: Անոր կերպային մէջ կ’արտացոլայ հայրենասիրութիւնը, հայ ժողովուրդին ազգասիրութիւնը:
Ինչպէս Յովհաննէս Թումանեան կը բնորոշէ .« Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի» վէպը հայ ժողովուրդի տանջանքի եւ տենչանքի արտայայտութիւնն է »:
Խաչատուր Աբովեան կը մնայ մեր ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնը պահպանող տիտաններէն մին: Պատահական չէ, որ մեր մայրենի լեզուի դասագիրքերէն շատեր կը սկսին հայոց լեզուի պահպանութեան մասին Խաչատուր Աբովեանի աղերսագին եւ մարգարէաշունչ խօսքերով: Պատահական չէ, որ մեծ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան՝ փոքր գետերու ծնունդ տուուղ ջրաբաշխական բարձունքի մը հիմնադիրը կը նկատէ Խաչատուր Աբովեանը: Այդ գետերէն մէկն ալ,որ սկիզբ առած է անոր ակունքէն, սկզբնաւորեց ազգային –ազատագրական պայքարը , ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Լիբանան