Լեւոն Արոնեան Պիտի Մասնակցի Պաքուի Մէջ Կայանալիք Աշխարհի Գաւաթին

Գրոսմայստեր Լեւոն Արոնեան համաձայնած է 2015-ին մասնակցելու Պաքուի մէջ կայանալիք Աշխարհի գաւաթին: Այս մասին կը տեղեկացնէ PanARMENIAN.Net-ը:
Այս մասին յայտնի դարձած է ՖԻԴԵ-ի նախագահ Գիրսան Իլիումժինովի Երեւան այցէն ետք: ՖԻԴԵ-ի նախագահի օգնական Պերիկ Պալկապայեւը Twitter-ի իր էջին վրայ մասնաւորապէս գրած է, որ Լեւոնը իր մասնակցութիւնը հաստատած է նախագահ Սարգսեանի կողմէ տրուած ճաշի ընթացքին:
ՖԻՏԷ-ի նախագահ Գիրսան Իլիումժինովը Հոկտեմբեր 3-ին Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ կը ցանկար տեսնել Հայաստանի հաւաքականին Ատրպէյճանի մէջ կայանալիք Ճատրակի աշխարհի բաժակին ու շախմատային ողիմպիականին: Ան նշած էր, որ հարցը պիտի քննարկէ ՀՀ նախագահ, Ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
«ՖԻՏԵ»-ն մեծ ընտանիք մըն է: Մենք կ’ուզենք, որ Հայաստանի հաւաքականը եւս մասնակցի այս մրցաշարերուն: Այդ հարցի շուրջ քննարկումներ կ’իրականացուին: Հայաստանի վերջին այցելութեան ժամանակ ես յայտարարեցի, որ իրենք պէտք է մասնակցին: Մենք կը ցանկանք, որ բոլոր հաւաքականները մասնակցին Ճատրակի աշխարհի բաժակին ու շախմատային ողիմպիականին»,-ըսած էր ան:
Հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը Պաքուի մէջ իրականացուող մրցումներուն յաճախ միջադէպերով կ’ուղեկցուի` հայ մարզիկներուն, հայկական դրօշն ու օրհներգը սուլոցներով կը դիմաւորեն, պատուիրակութեան անդամներու անվտանգութեան նկատառումներով կ’արգիլուին հեռանալ հիւրանոցէն: Ատիկա առնչուած է նաեւ ճատրակին: 2012-ին ՀՀ ճատրակի հաւաքանի յառաջատար Լեւոն Արոնեան հրաժարեցաւ մասնակցելու Պաքուի մէջ յաւակնորդներու մրացաշարին եւ նամակ յղեց Իլիումժինովին` իր որոշումը հիմնաւորելով երկու երկիրներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններով:
«Պատասխանատու եւ կարեւոր մրցաշարը հանգստութիւն ու յատուկ կեդրոնացում կը պահանջէ: Ճատրակի հետ կապ չունեցող ոչ մէկ հանգամանք պէտք չէ խանգարէ գրոսմայստերին ցուցադրելու իր վարպետութիւնը: Ցաւօք, այս պահու դրութեամբ ոչ մէկ հայ չի կրնար բարենպաստ հոգեբանական մթնոլորտ գտնել Ատրպէյճանի մէջ, այն պարագային, երբ ատիկա անհրաժեշտ է»,- գրած է Արոնեան: