Հայաստան Պիտի Այցելէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Հոկտեմբեր 23-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով պաշտօնական այցով Երեւան պիտի այցելէ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալտեր Շտայնմայերը:

Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարին պիտի ընդունի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Հոկտեմբեր 23-ին տեղի կ’ունենան Հայաստանի եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւնները, որոնց կը հետեւի համատեղ մամլոյ ասուլիս:

Նոյն օրը Գերմանիոյ ԱԳ նախարարը կ’այցելէ  Ծիծեռնակաբերդ, ուր յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Scroll Up