Թարգմանչաց Շարժման Քաղաքական Մեծ Նշանակութիւնը

Հայ ժողովուրդը իր եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ շատ հին ժամանակներէն ի վեր սուրբերու կարգին դասած է հայ մշակոյթի եւ հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան գործին նուիրուած առաքեալները: Այս իսկ պատճառով հայկական եկեղեցական տօներու ցանկի պարունակէն ներս առանձնայատուկ կարեւորութեամբ կը նշուի մեր առաջին թարգմանիչներու՝ Սուրբ Սահակի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի տօնը, որ ինքնին պանծացումն է հայ գիրի ու գրականութեան:
Մեր թարգմանչական շարժման նախակարապետները 5րդ դարու սկիզբները հիմը դրին մշակութային-պատմական այնպիսի շարժումի մը, որ բացառիկ կարեւորութիւն ունեցող իրադարձութիւն հանդիսացաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Գիրերու գիւտը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ոչ միայն ունեցաւ պատմական նշանակութիւն, այլ նա՛եւ հանդիսացաւ մեր գոյութեան, ազգային–եկեղեցական միասնութեան կարեւոր ազդակներէն գլխաւորագոյնը:
Ի՞նչ էր մշակութային, լուսաւորչական, ազգային-եկեղեցական այս յոյժ կարեւոր շարժման պատմական նշանակութիւնը հայ ժողովուրդին համար:
Մեր ազգային պատմութեան մէջ Գիրերու գիւտը տեղի ունեցաւ պատմական այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ օրակարգի վրայ դրուած էր Հայկական պետականութեան ինքնուրոյնութեան եւ անկախութեան հարցը, երբ Հայ եկեղեցւոյ վրայ դամոկլեան սուրի նման կը ճօճէր յունական ու ասորական մշակոյթներու վտանգը: Քաղաքական այս ծանր ու սպառնացող կացութեան պարտադրանքին տակ կը դնէր հայ ժողովուրդը դիմելու վճռական քայլերու՝ ստեղծելով ինքնուրոյն գիրեր եւ պայքարով ձեռք բերելու ազգային անկախութիւն:
Հայ ժողովուրդը, որ պատմութեան ընթացքին իր ճակատագիրը սեպած էր ընդմիշտ կռուախնձոր ըլլալ երկու հզօր պետութիւններու միջեւ, 4րդ դարու վերջաւորութեան զգալիօրէն սկսած էր թուլութիւն ցուցաբերել: Բիւզնադիոնն ու Ասորեստանը կ’աշխատէին հոգեպէս ջլատել , բարոյապէս ընկճել հայ ժողովուրդը: Իսկ անդին՝Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը յոյներու եւ ասորիներու քմահաճոյքէն կախեալ կրօն մը եղած էր, նոյնիսկ հայ ժողովուրդի կենցաղին մէջ յատուկ տեղ չէր գրաւեր, որպէսզի կարենար իր շուրջ համախմբել քաղաքականապէս անջատուած բեկորները հայ ժողովուրդին: Անհրաժեշտութիւն կը նկատուէր համախմբել ներքին ուժերը եւ այդ օրերուն ներքին ամենամեծ յենարանը եկեղեցին էր: Իսկ եկեղեցին զօրացնելու միակ ելքը՝ բոլորին հասկնալի թուացող հայերէն լեզուի օգտագործումն էր, հայկական ծիսակատարութիւնը: Անհրաժեշտութիւն կը համարուէր հայ եկեղեցիէն եւ դպրոցէն դուրս վանել օտար լեզուներու՝ ասորերէնի եւ յունարէնի օգտագործումը եւ ստեղծել ուրոյնն ու ազգայինը: Այս բոլորը իրականացնելու համար անհրաժեշտ էր ունենալ սեփական գիր ու գրականութիւն: Մայրենի լեզուով ինքնուրոյն գիրի ու գրականութեան ստեղծումը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենար երկրի ներքին կապերն ու ուժերը ամրապնդելու գործընթացին մէջ: –Ահա՛ թարգմանչաց շարժման քաղաքական մեծ նշանակութիւնը:
Այսօր յետադարձ ակնարկ մը նետելով մեր հարուստ պատմութեան վրայ, պիտի անդրադառնանք, թէ դարեր շարունակ հայոց մեծասքանչ լեզուն ու հարուստ գրականութիւնը, քաղաքականապէս անջատ եւ օտար միջավայրերուն մէջ ապրող հայ ժողովուրդի պանդուխտ բեկորներուն համար ալ հանդիսացած էին համազգային ներքին ուժականոպթիւն, գօտեպնդող լծակ, հայու ինքնութեան հարցերը լուծող գլխաւոր ազդակ:
Հայոց լեզուն ու գրականութիւնը, հայ ժողովուրդի ազգային պահպանման, ամրապնդման գործընթացին մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցած են անցեալին եւ ունին նաեւ այսօր ալ: Թարգմանչաց տօնի յիշատակումն ու ոգեկոչումը , այսօր առաւել եւս սրբազան պարտականութիւն կը դնեն իւրաքանչիւր հայու՝ պետական այրերու, թէ կղերականներու, մտաւորականներու թէ ուսուցիչներու եւ ծնողներու մօտ, որպէսզի աչքի լոյսի պէս պահպանուի հայոց մեծասքանչ լեզուն, ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ Հայրենիքի ու աշխարհի տարածքին: Այսօր աւելի քան երբեք կենսական կը նկատուի լրջախոհ կեցուածք ցուցաբերել հայ լեզուի նկատմամբ դպրոցներու մէջ թէ տուներու, եկեղեցիներու մէջ թէ մշակութային կեդրոններու, շուկաներու մէջ, պայքարելու օտար լեզուներու ու սովորութիւններու ներթափանցման ու դպրոցները ապազգայնացնող ազդեցութիւններու դէմ, դաստիարակել նոր սերունդը թարգմանչաց ոգիով ու շունչով, տարածելով հայ գիրն ու գրականութիւնը ի սփիւռս աշխարհի:
Վերջին տասնամեակներուն սովորոյթ դարձած է օտարներուն ներկայացնել մեր ազգը, որպէս առաջին քրիստոնեայ ազգ, ինքնուրոյն գիր ու գրականութիւն ունեցող ժողովուրդ…., որ թէեւ պատմականօրէն ճշմարտութիւններ են, սակայն պարծենալ լոկ նախահայրերու առաքինութիւններով՝ կը նշանակէ զուրկ ըլլալ սեփական արժանիքներէ: Մեր նախահայրերը սրբութեամբ կատարած են իրենց պարտքը Հայրենիքի եւ Հայ ժողովուրդի հանդէպ ու մեզի աւանդ ձգած են անգնահատելի հարուստ ժառանգութիւն մը՝ ինքնութիւն մը, որ միայն հպարտութիւն կ’առթէ: Մեզի ձգուած ժառանգը ոչ միայն գիտակցութեամբ պէտք է պահենք ու պահպանենք, այլեւ հոգեկան պարտականութիւն նկատենք զայն անաղարտ հասցնելու յաջորդ սերունդներուն, նոյնիսկ առաւել ճոխացած ու գեղեցկացած:
Համաշխարհայնացման արագ ընթացող այս տարիներուն, թէեւ անկախ Հայրենիքի հզօր գոյութեամբ, հայ ժողովուրդի քաղաքական անապահով վիճակը յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մութ ուժերու վարած պառակտիչ քաղաքականութիւնը լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն ոչ միայն հայոց Հայրենիքին ու ժողովուրդին, այլեւ հայոց լեզուին ու գրականութեան: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին կ’ապրինք քաղաքականապէս դառն ժամանակներու մէջ: Այսօր եւս Սփիւռքի հայութեան ապրած պատմական ժամանակաշրջանը նման է հայ ժողովուրդի անցեալին ապրած քաղաքական վտանգաւոր կացութեան, պարզապէս որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ տարբեր տեսանկիւններէ դիտած եւ տարբեր դիմակներով: Հետեւաբար Թարգմանչաց դերը կատարելու կոչուած են մեր բոլոր մտաւորականները, ուսուցիչներն ու գիտակից հայ անհատները՝ փրկելու համար հայութիւնը նորանոր որոգայթներէ:
Մեր յաւերժալոյս թարգմանիչներու անմահ գործի յիշատակը լաւագոյնս պահպանելու համար՝ մեր բոլորին պարտականութիւնն է սիրել ու տարածել հայոց լեզուն, հայ գիրն ու գրականութիւնը, եւ ամէն ճիգ ի գործ դնելով պայքարիլ հայ լեզուի աղաւաղումներուն դէմ: Իւրաքանչիւր հայ ծնողք պարտի իր առաւօտեան աղօթքին հետ գուրգուրանք ցուցաբերել հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ, որպէսզի իր երախան հայերէնի հանդէպ յարգանք ցուցաբերելով յաճախէ դպրոց ու հպարտ զգայ իր հայ ըլլալով:
Մեր նախահայրերուն պայծառ յիշատակը այսօր եւս կը խանդավառէ հայ ուսանողն ու հայ անհատը, հետեւաբար սրբութեամբ պահել ու պահպանել անցեալէն մեզի որպէս աւանդ հասած հոգեւոր ժառանգութիւնը այն համոզումով՝ որ «ազգ պահողը, իրարու միացնողը լեզուն ու հաւատքն են»:
Մեր անկախ Հայաստանի հարազատ պետութեան շուքին ներքոյ, մեր կանգուն մնացած հայկական կրթական հաստատութիւններու հայագիտական ամբիոններու հոգատարութեան շնորհիւ, մեր լեզուն պէտք է առաւել եւս յղկուի, զարգանայ ու հարստանայ նման այն հնդեւրոպական լեզուներուն, որոնք տարուէ տարի նորանոր զարգացումներ կ’արձանագրեն իրենց բառագիտական ու գրական աշխատութիւններուն մէջ: Դժբախտաբար հայ իրականութեան մէջ շատ կը սիրենք ցաւցնող իրականութիւնները քօղազերծել ու լռութեամբ հետեւիլ խեղդամահ ըլլալու արարողութիւններուն:
Պահն է գիտակցելու, թէ միմիա՛յն Հայրենիքի հզօրացմամբ կարելի է հայօրէն գոյատեւել ու պատնէշ կանգնեցնել Սփիւռքի ու Հայրենիքի մէջ հայոց լեզուին դէմ սպառնացող վտանգներուն: Իսկ հայրենիքի հզօրացումը լոկ խօսքով չիրականանար, այլ իւրաքանչիւր հայ անհատ իր ներդրումը պարտի ունենալ Հայրենիքի բարգաւաճման եւ ինքնուրոյն ազգային գրականութեան հարստացման գործընթացին մէջ, մայրենի լեզուի զարգացման, հայկական մշակոյթի պահպանման եւ վերջապէս հայօրէն ինքզինք լաւագոյն կերպով դրսեւորելով հայկական թէ միջազգային բոլոր բեմահարթակներուն վրայ:
Այս կ’ըլլայ իսկական ու լաւագոյն մեծարանքը թարգմանչաց պայծառ յիշատակին:
ՊԱՅԾԻԿ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ